Հրաւէրովը մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռաաի պատրիարքին, Արամ Ա. կաթողիկոսը Շաբաթ, 1 Մայիսին, այցելեց Պքերքէ, ուր ճաշի հիւրը եղաւ պատրիարքին: Ճաշին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ պատրիարքական փոխանորդ Փօլ արք. Սայյահ:
Պատրիարքին եւ հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւեց Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս նոր կառավարութիւն կազմելու հարցը, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսին՝ Վատիկանին կատարած առաջարկը՝ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպել: