ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ ազգային եւ հանրային կեանքին մէջ միայն տգեղ բաներ կը նկատենք ու կը կքինք սուտ լուրերու, կռուազան եւ գռեհիկ արտայայտութիւններու բեռին տակ, Միսաք Մեծարենցի «Ճերմակ Վարդեր» բանաստեղծութիւնը վէրքերը ամոքող սպեղանի է:
Ահա կը հրամցնեմ զայն ձեզի, մաղթելով, որ դուք ալ ինծի պէս՝ վերանաք վարդերու գոյնով եւ վայրկեան մը մոռնաք ներկան:
Շատ կարճ կտոր մըն է ան, բայց երբ պեղելու սկսինք իւրաքանչիւր բառ ու տող՝ կախարդական վայր մը մտած կը թուինք ըլլալ. խորո՜ւնկ հանք մը` զգայնութիւններու եւ մտածումի. իսկ երբ աւարտի ընթերցումը, կարծես նոր ճամբորդութիւն մը կ՛ուրուագծուի մեր դիմաց:
Մեծարենց առաջին իսկ տողէն խօսքը կ՛ուղղէ վարդերուն եւ այդ ընելով՝ շնչող էակներու կը վերածէ զանոնք. «Սպիտա՜կ վարդեր, սպիտա՜կ վարդեր» կոչականով կը բանայ իրենց ուղղուած խօսքը. կտորի վերջաւորութեան ընթերցողը պիտի նկատէ, որ այդ վարդերը բանաստեղծի հոգիին մաս կազմած են եւ կը կազմեն ու թէեւ դուրսն են, ճամբու մը եզերքին կամ պարտէզի մը ցանկապատէն անդին, իրականութեան մէջ ցոլացումն են երիտասարդ բանաստեղծի հոգիին: Հետեւաբար՝ երբ անոնց կը խօսի, իր բառը կը վերադառնայ իրեն, արձագանգի մը պէս:
Աշուն է եւ ինչպէս նկարիչ մը պաստառին դիմաց, կամ՝ բեմադրիչ մը՝ բեմին, Մեծարենց կը նկարէ կամ կը զետեղէ աշնանային եղանակը յատկանշող հովը իր բեմին վրայ, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` թուղթը: Արդ, հովը շարժում կ՛ենթադրէ եւ խենթ է, ինչպէս յանկարծակի ծանր հիւանդութիւնը որ կը ցնցէ երիտասարդին կեանքը: «Շամբուշ» է հովը (խենթ). «մոլեգին» է եւ «կը դղրդէ» հողը. հոս՝ հողն ու կեանքը նման են իրարու. հողը ծնած է վարդեր. կեանքը՝ Մեծարենց: Եւ ահա՝ հովը, որ կ՛անտեսէ վարդերը, ինչպէս թոքախտը անտեսած է բանաստեղծը եւ զայն տապալելու ձեռնարկած:
Հոս պէտք է նշել բանաստեղծին ընտրած հնչիւնները եւ վանկերը նոյնիսկ, երբ ան կը խօսի ցնցումին մասին: «Հով» բառը ինքնին կը փոխանցէ վայրագ ուժի մը գաղափարը. Նոյնը կ՛ընեն «շամբուշ», «կը դղրդէր», «մոլուցք» եւ այլ բառերու բաղաձայնները:
Առաջին չորս տողերու ցնցող շարժումին կը յաջորդէ արդիւնքը: Երկրորդ տունը ընթերցողին կը ներկայացնէ հովէն դողացող վարդերու թուփեր, բայց մանաւանդ՝ անոնցմէ ինկած թերթեր: Այս երկրորդ տունը Մեծարենցեան գեղեցիկ զգայնութիւններու եւ գոյնի պաստառ մըն է, միեւնոյն ատեն՝ բաղդատականներու եւ փոխաբերութեան երանգապնակ մը: Այսպէս՝ ճերմակ վարդերու թերթերը նմանցուած են շուշանի համբոյրի (ինքն ալ՝ ճերմակ), ձիւնի փաթիլներու («դիւթանք ձիւնեղէն»), մետաքսի («ապրշում համակ») անոնք կը նախանշեն մօտալուտ ձմեռը եւ գիշերը, քանի որ կլոր-կլոր լուսիններու պէս կ՛իյնան ճիւղերէն:
Տիրապետող գոյնը ճերմակն է, իսկ զգայնութիւնը՝ ձիւնի պէս փափուկ, մետաքսի պէս սահուն, քնքշօրէն իջնող թերթերունը: Հոս եւս պէտք է յիշել գործածուող որոշ հնչիւններու գերակայութիւնը. «ա», «շ», «ր», «լ» գիրերը իրենց հետ կը բերեն մեղմութիւն եւ շոյանք: Քիչ առաջուան հորիզոնական շարժումը, որ կատաղի հովունն էր, հիմա վերածուած է ուղղահայեաց, կարծես երկինքէն կտոր-կտոր իջնող կշռութաւոր հոսքի («փերթ-փերթ»ը ինքնին տեսողական, լսողական հատում մը կը պարփակէ): Այս տունը բանաստեղծութեան ամենէն աննիւթական բաժինն է, մանաւանդ որ առաջին տողին մէջ վարդը նոյնացած է գաղափարի հետ:
«Ճերմա՜կ գաղափար, ճերմա՜կ գաղափար». Մեծարենց կրկին խօսքը կ՛ուղղէ վարդերուն եւ երրորդ տունին առաջին տողին մէջ իրմէ կը խնդրէ հիմնական բան մը. կ՛ըսէ. «Բե՜ր ինծի իղձիդ կաթը խանդաղատ»: Ձիւնի, շուշանի, լուսնկայի, մետաքսի ճերմակութեան կ՛աւելնայ ահա՝ կաթինը. Բայց գաղափարին իղձին կաթն է ասիկա: Հոս՝ ճերմակը միայն գոյն չէ, այլ մաքրութեան, մաքուր սնունդի, մտածումի փափաքի յղում:
Մեծարենց կը վերջացնէ բանաստեղծութիւնը վերադառնալով իրականութեան: Աշուն է. մշուշ կայ ամէն կողմ. տխուր է մթնոլորտը, ինչպէս տխուր է հոգին: Հոս է որ սպիտակ վարդերն ու ինք հայելիէն կը նային իրարու կարծես եւ զիրար կը նշմարեն. վարդերն ալ բանաստեղծին պէս մինակ են, բայց մոխրագոյն ու թանձր մշուշին մէջ իրենց ճերմակ թերթերը ժպիտներու կը նմանին եւ կը սփոփեն գրողը: Ինք գիտակից է, որ երկար պիտի չապրի, բայց կը խնդրէ վարդերէն «յաւերժօրէն» ապրիլ իր հոգիին մէջ: Հետաքրքրական շրջադարձ մը տեղի կ՛ունենայ ուրեմն. կը բաւէ որ ճերմակ վարդերու աննիւթեղէն գաղափարը մնայ մարդուս հոգիին մէջ, կը բաւէ որ անոնց ճերմակը մօր մը խանդաղատանքը յիշեցնէ, որպէսզի անոնք դիմանան հովուն մոլուցքին:
Եւ քանի որ անոնք իրենց տարբեր ներկայացումներով բանաստեղծի գրիչէն հասած են պաստառ, բեմ ու թուղթ՝ բնականաբար յաւերժացած են ու յաւերժացուցած նոյն ի՛նքն Մեծարենց:
Իսկ ընթերցո՞ղը այս բոլորին մէջ:
Ընթերցողին կը մնայ կարդալ, դիտել, զգալ գեղեցիկ այս կտորը, հանդարտիլ ճերմակ լուսիններու ու փաթիլներու տեսքէն եւ շարունակել կեանքի ճամբորդութիւնը:
Մեզի կը մնայ կարդալո՛վ ապրեցնել եւ յաւերժացնել Մեծարենցը:
Ապրի՛լ ազնուագոյն գաղափարով:
–
Ճերմակ Վարդեր
ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ
Ըսպիտա՜կ վարդեր, ըսպիտա՜կ վարդեր,
Զոր հովն անտեսեց այս ճամբուն վըրայ,
Շամբուշ հովն աշնան` որ կը դըղրդէր
Մոլեգին՝ հողին ընդերքն համօրէն:
Ճերմա՜կ գաղափար, ճերմա՜կ գաղափար,
Աշնան մոլուցքէն դողահար հիմակ,
Համբո՜յր շուշանի, դիւթանք ձիւնեղէն,
Փերթ-փերթ լուսինկայ, ապրշում համակ,
Բե՜ր ինծի իղձիդ կաթը խանդաղատ:
Մենաւո՜ր վարդեր, որ մելամաղձիկ
Մառախուղներու մէջ դեռ կը ժպտիք,
Ապրեցէ՜ք հոգւոյս մէջ յաւերժօրէն:
Ծիածան հատորէն – 1907