

Յատուկ «Ասպարէզ»ին համար գրուած յօդուածով մը լրագրող Ճ. Յ. Սիմոր կ՛անդրադառնայ անցեալ տարուան 10 Նոյեմբերին, ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ Բերձորի մէջ գերի բռնուած Վիգէն Էլճէքճեանի ոդիսականին:
Յիշեցնենք, որ Վարդանը գերի առնուած էր նոյնպէս լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի հետ, որ 10 Մարտին ազատ արձակուեցաւ:
Սիմոր կը գրէ, թէ Վիգէնին կողմէ գրուած քանի մը տողնոց նամակը, ատրպէյճանական անտեղի ձգձգումներու հետեւանքով՝ Կարմիր Խաչին միջոցաւ միայն շաբաթներ ետք հասաւ անոր մօր՝ Պիաթրիսին, հակառակ անոր, որ նամակին միջոցաւ Վիգէն միայն բարեւներ կը յղէր եւ նամակը զգայուն տեղեկութիւններ չէր պարունակեր:

Ան կը նշէ, որ դժուար չէ երեւակայել, թէ Վիգէն ինչ պայմաններու մէջ կը գտնուի ատրպէյճանական բանտի մը մէջ եւ կ՛աւելցնէ, թէ անոր մէկ պատկերացումը տասնամեակներ առաջ աշխարհին լաւապէս ներկայացուցած էր անցեալ տարի մահացած բեմադրիչ Էլըն Փարքըր, Ատրպէյճանի «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ բանտերուն վիճակը ներկայացնող իր «Միտնայթ Էքսփրէս» յայտնի ֆիլմով:
Սիմոր նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ Պաքուի բռնարարքներով հետաքրքուողներուն համար դիւրին է համացանցին վրայ ճարել հայ գերիներու դէմ անոնց անմարդկային վերաբերմունքին մասին բազմաթիւ օրինակներ:
«Ցարդ 69 հայ գերիներ ազատ արձակուած են, հակառակ անոր, որ հայկական կողմը վերադարձուցած է ատրպէյճանական կողմին բոլոր գերիները: Տակաւին մօտաւորապէս 230 պատերազմական գերիներ ապօրինի կերպով կը պահուին Ատրպէյճանի մէջ», կը գրէ Սիմոր, որ կը նշէ, թէ Վիգէնին ոդիսականը հետաքրքրական կապ մը հաստատած է իր եւ Լիբանան ապրող անոր ընտանիքին միջեւ, Վիգէնին եղբօր՝ Սարգիսին միջնորդութեամբ:

Ան կը նշէ, որ Վիգէնը կու գայ Ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքէ մը եւ ունի երեք եղբայրներ: Ան 2015ին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է եւ Նոյեմբեր 2019ին վերջնականապէս Հայաստան, ապա Շուշի հաստատուած է, զբօսաշրջութեան մարզին մէջ աշխատելով: Պատերազմի օրերուն, ան կամաւոր կռուող արձանագրուած է, սակայն առանց ճակատ երթալու Հոկտեմբերին Երեւան մեկնած է՝ իջեւանելով Մարալ Նաճարեանի եւ անոր քրոջ բնակարանը: 9 Նոյեմբերի զինադադարի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, ան Մարալին հետ Շուշի հասնիլ փորձած է՝ իր ապրանքները հաւաքելու համար եւ այդ ընթացքին գերի ինկած է: Վիգէնին դէմ ատրպէյճանական մեղադրանքներ կը շրջին, թէ ան ահաբեկիչ է: Այս մասին Մարալ Նաճարեան ըսաւ հետեւեալը. «Եթէ ահաբեկիչ ըլլար, առանց զէնքի Արցախ չէր երթար: Այս մեղադրանքները բոլորովին կեղծ են: Ան պատերազմին սկիզբը կամաւոր գրուեցաւ: Ան կամաւոր էր եւ վերջ: Բայց քանի մը օր ետք, ան արդէն վերադարձաւ Երեւան»:
Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան Վիգէնին դէմ նման ամբաստանութիւն մարդկային իրաւանց խախտում կը նկատէ:
Սիմոր զրուցած է Վիգէնի դստեր Քրիսթինի հետ, որ շատ ցաւալի կը գտնէ այն իրողութիւնը, որ իր 18րդ տարեդարձին իր հօրմէն հեռու եղած է եւ կը շեշտէ, թէ իր միակ փափաքն է, որ հայրը ապահով վերադառնայ:

Սիմոր կը նշէ, թէ Վիգէնէն ստացուած առաջին երկտողէն 4 շաբաթ ետք հասած են եւս քանի մը նամակներ, որոնց մէջ ան կը տեղեկացնէ, թէ այլ հայ գերիներու հետ տեղափոխուած է ուրիշ բանտ մը: Այս ամիս, Վիգէն նաեւ երեք առիթներով կրցած է հեռաձայնային կապ հաստատել իր տղուն` Սերժին հետ, իսկ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները Քրիսթինին այցելելով՝ ցոյց տուած են Վիգէնէն տեսանիւթ մը, արձանագրուած Պաքուի մէկ բանտին մէջ, ուր ակներեւ է, թէ Վիգէն նիհարցած է:
Սիմոր կը շեշտէ, թէ մինչ կարգ մը հայ գերիներու որոշ դիւրութիւններ կ՛ընծայուին, ուրիշներ կը շարունակեն չարչարանքներու ենթարկուիլ, մինչ 18ամեայ Մխիթարեան բանտին մէջ սպաննուած է, հաւանաբար ուրիշ գերիներու կողքին, որոնց մասին Կարմիր Խաչը տեղեկութիւններ չունի:
«Պաքու իրաւական ոչ մէկ հիմք ունի Վիգէնը գերի պահելու. ան պէտք չէ ձերբակալուէր 10 Նոյեմբերին: Առողջապահական հարցեր դիմագրաւող Վիգէնի դուստրը՝ Քրիսթինը, կոչ կ՛ընէ՝ ազատ արձակելու իր հայրը եւ Երեւանի ու Պէյրութի մէջ իմ այլ խօսակիցներուս նման, վստահ է, որ ան անմեղ է եւ պարզապէս սխալ պահուն, սխալ տեղը գտնուած է: Կարելի է այդ մէկը ոճիր նկատել», կ՛եզրակացնէ Սիմոր: