ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դժգոհութիւն յայտնեց, որ հակառակ Արցախի եւ Հայաստանի վրայ անցեալ տարի տեղի ունեցած ատրպէյճանական յարձակումին՝ Պայտընի վարչակազմը որոշած է շրջանցել Պաքուին ռազմական աջակցութիւնը կասեցնել պահանջող Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի թիւ 907 յաւելուածը։
907րդ յաւելուածը ընդունուած էր 1992ին՝ իբրեւ Ազատութեան աջակցութեան մասին օրէնքի մէկ մաս, սահմանափակելու համար Ամերիկայէն Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը, սակայն աւելի ուշ անոր գործադրութեան վերջնական իրաւասութիւնը վերապահուած է նախագահին։ Այդ որոշումէն ի վեր, բոլոր նախագահներն ալ չեն գործադրած զայն՝ պնդելով, թէ Ատրպէյճանին աջակցութիւն կը տրամադրուի գլխաւորաբար Կասպից ծովուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։