Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատ կուսակցութեան Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի տարեական ընդհանուր ժողովը վաւերացուց կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Էլեն Ասատրեանի եւ պատգամաւոր Ասթինէ Սիւլէյմանեանի ներկայացուցած թիւ 21-04.143 բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ Արցախի եւ Հայաստանի վրայ անցեալ տարուան յարձակումին ընթացքին իրագոծած պատերազմական ոճիրներուն համար եւ կը կոչ կ՛ընէ Քոնկրեսին ու նախագահ Պայտընին, որ պատժամիջոցներ կիրառեն Պաքուի եւ Անգարայի դէմ։
Բանաձեւը նաեւ կը պահանջէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անյապաղ ազատ արձակեն բոլոր հայ գերիները եւ կոչ կ՛ընէ նահանգային աշխատաւորական միութիւններուն՝ իրենց ներդրումները ետ քաշելու Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն։
«Այս բանաձեւը հեղինակելը խորապէս անձնական բնոյթ ունի, քանի որ իմ ընտրողների շրջանում շատ ամերիկահայեր կան, որոնց ես հպարտօրէն ներկայացնում եմ որպէս Լոս Անջելեսի Դեմոկրատական կուսակցութեան ընտրուած անդամ եւ Դեմոկրատական կուսակցութեան Կենտրոնական կոմիտէի անդամ: Որպէս կուսակցութիւն՝ մեր պարտքն ու բարոյական պարտականութիւնն է ամուր դիրքորոշում ցուցաբերել մարդու իրաւունքների ոտնահարումների դէմ, ցաւի այս պահին զօրակցութիւն ցոյց տալ, ուժեղացնել մեր ազգային փոքրամասնութիւնների ձայները ի հակառակ ճնշումների՝ պաշտպանելով մարդու կեանքի, ազատութեան եւ արժանապատիւ գոյութեան հիմնարար արժէքները: Սա մարդասիրական ճգնաժամ է, որը պահանջում է մեր համարձակ նախաձեռնողականութիւնն ու մեր անմիջական ուշադրութիւնը: Իրավիճակը ծանր է, վտանգւում է Ադրբեջանում պահուող հայ ռազմագերիների եւ քաղաքացիական անձանց կեանքը, իսկ բռնապետներ Էրդողանի եւ Ալիեւի կողմից շարունակւում են հայ ժողովրդի բնաջնջման իրենց առաքելութիւնն աւարտին հասցնելու սպառնալիքները: Թուրքիան եւ Ադրբեջանը պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն ոչ միայն մինչ այժմ իրենց կատարած պատերազմական յանցագործութիւնների, այլեւ նաեւ ամերիկացիների հարկերից գոյացած դոլարները ռազմական յանցագործութիւններն իրագործելու նպատակով անօրինաբար ծախսելու համար», կ՛ըսէ Ասատրեան։
Բանաձեւին զօրակցեցան կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սիւզի Ապաճեան, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ եւ մօտաւորապէս 125 կազմակերպութիւններ, կուսակցական ղեկավարներ եւ կուսակցութեան անդամներ, ներառեալ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայկական համագումարը, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը իր 24 տարածաշրջանային եւ ազգային հայ-ամերիկեան հոգեւոր, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններով, Կլենտէյլի Ուսուցիչներու միութիւնը եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգերեան: