ՆԻՒ ՏԵԼՀԻ, «Պի․Պի․Սի․»․- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին նորագոյն կիզակէտը հանդիսացող Հնդկաստանի մէջ, վարակակիրներուն թիւը 20 միլիոնի սահմանը անցաւ Երեքշաբթի օր, երբ 355,000 նոր վարակակիրներ արձանագրուեցան։ 30 Ապրիլին, առաւել քան 400,000 նոր վարակակիրներ արձանագրուած էին երկրին մէջ, որ հիւանդները բուժելու համար անհրաժեշտ թթուածինի լուրջ տագնապ կը դիմագրաւէ։ Հնդկաստանի մէջ համաճարակը ցարդ առնուազն 223,284 զոհ խլած է։
Հնդկաստան այժմ կը գրաւէ մեծագոյն թիւով վարակակիրներու ցանկէն մէջ երկրորդ դիրքը, ետ մնալով միայն Միացեալ Նահանգներէն, ուր կացութիւնը կը բարելաւուի։
Թուրքիոյ մէջ եւս մեծ թիւով վարակումներ կ՛արձանագրուին եւ այժմ այդ երկիրը կը գրաւէ ցանկին 5րդ դիրքը, մօտաւորապէս 5 միլիոն վարակակիրներով։