Չորեքշաբթի, 12 Մայիսին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Մերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարուեցան Կրօնական ժողովի ընդլայնուած նիստեր, որոնք սկիզբ առին առաւօտեան ժամը 10ին եւ շարունակուեցան մինչեւ երեկոյեան ժամը 6: Կրօնական ժողովի լրիւ կազմին միացան Ֆրեզնոյի հոգեւոր հովիւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեան եւ Լաս Վեկասի հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան:
Նախքան ժողովական աշխատանքներուն անցնիլը, հոգեւոր հայրերը «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ կատարեցին եկեղեցական արարողութիւն, որմէ ետք հերթաբար գումարեցին չորս նիստեր: Առաջինին՝ անոնք խօսեցան թեմի հոգեւորականաց ժողով-համագումարներու, սարկաւագաց համախմբումի, Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ Ս. Գրոց սերտողութիւններու մասին, ապա, երկրորդ նիստով արծարծեցին առաջնորդարանի պարբերաթերթի, լսատեսողական յայտագիրներու, հրատարակութիւններու եւ լրատուական դաշտին վերաբերող հարցեր:
Կարճ դադարէ մը ետք, Կրօնական ժողովը իր երրորդ նիստով քննեց ծիսական հարցեր, իսկ չորրորդ նիստով կատարուեցաւ աշխատանքային ընդհանուր արժեւորում:
Յայտնենք, որ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր՝ գումարեցին Խառն ժողովի նիստ մը՝ օրակարգի վրայ ունենալով մեր կեանքը յուզող անմիջական հարցեր: