ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեք օր առաջ, Սիւնիքի մէջ ատրպէյճանական կողմի ոտնձգութիւնները շարունակեցին իրենց վրայ հրաւիրել բոլորին ուշադրութիւնը։
Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ ռազմական բախում հրահրելն է՝ շեշտելով, որ հարցը մէկ շրջանի կամ բլուրին չի վերաբերիր, այլ կան ատպէյճանական միտումներու քանի մը փաստեր։ Ան նաեւ յիշեցուց «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ Ալիեւի յայտարարութիւններուն մասին: Փաշինեան կարեւոր նկատեց նաեւ արձանագրել այն, որ Սեւ լիճը կը գտնուի Հայաստանի հարաւային հատուածի ամէնէն նեղ հատուածին մէջ, ուր Հայաստանի արեւմտեան եւ արեւելեան սահմաններուն միջեւ հեռաւորութիւնը ամէնէն քիչն է բոլոր տեղերէն: «Այս փաստերի արձանագրման բերումով է, որ մենք, վերլուծելով իրավիճակը, որոշում ենք կայացրել գործի դնել Հայաստանի անվտանգային համակարգի ռազմաքաղաքական մեխանիզմները», նշեց ան։
Ըստ Փաշինեանի՝ այս առնչութեամբ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին 15 Մայիսին։ Ան փաստեց, որ ռուսական 102րդ ռազմական խարիսխին քարտէսով եւս հաստատուած է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչները կը գտնուին Հայաստանի պետական սահմաններուն մէջ՝ ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա ՀԱՊԿի եւ հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի գործունէութեան տարածք է: Փաշինեան կարեւոր նկատեց, որ միջազգային հանրութեան եւ ՀԱՊԿի գործընկերներուն համար շատ կարեւոր այս պարզաբանումը կատարել։
Ան անդրադարձաւ սահմանային որոշ կէտերու ճշգրտման հարցին՝ ըսելով. «Սահմանագծում տեղի է ունենում այն պայմաններում, երբ երկրների միջեւ կան դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Բայց հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը` ի հարկէ սահմանային որոշակի կէտերի ճշգրտման գործընթացում, ես ասել եմ այդ մասին ՌԴ մեր գործընկերներին, մենք, ի հարկէ, պատրաստ ենք, որովհետեւ հիմա մենք այդպիսի անհրաժեշտութեան առաջ կանգնած ենք, որպէսզի տեղանքում տեսնենք, թէ մեր սահմանը որտեղով է անցնում եւ ինչ կէտեր կան, ով ինչ կէտեր կարող է զբաղեցնել: Մեր պատկերացումն այն է, որ երկու կողմից սահմանի պահպանութիւն իրականացնեն սահմանապահ զօրքերը եւ զինուած ուժերը ստորաբաժանումները տեղափոխուեն մշտական տեղակայման վայրեր»:
Ըստ Փաշինեանի՝ հայկական կողմը, ըստ էութեան, պատրաստ է այսպիսի լուծման: «Սա նշանակում է, որ կը լինի սահման կամ սահմանային կէտերի շուրջ որոշակի պատկերացում, երկու կողմից ներկայ կը լինեն միայն սահմանապահ զօրքերը», ըսաւ ան՝ նկատել տալով, որ այս պիտի նշանակէ բոլորովին այլ ռազմական-քաղաքական իրավիճակ: Վարչապետի պաշտօնակատարը վստահեցուց, որ գործարկուած են այնպիսի գործիքակազմեր, որոնք վստահութիւն կու տան, որ այս ուղիով կարելի պիտի ըլլայ պաշտպանել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը:
Փաշինեան յայտարարեց, որ նամակով դիմած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որպէսզի Ռուսիա նաեւ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերէ Հայաստանին` 1997ի Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան մասին պայմանագիրին համաձայն: Սակայն, Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Փաշինեան օգնութիւն չէ խնդրած Ռուսիայէն։
Ան նաեւ ըսաւ, որ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի հետ, որ ըսած է, թէ ինք կը հետապնդէ, որ հարցը փոխանցուի ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, եւ յայտնած է, որ ՄԱԿի անվտանգութեան հովանաւորութեամբ, ըստ անհրաժեշտութեան, Ֆրանսա պատրաստ է նաեւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցի կարգաւորման միջազգային ջանքերուն:
Նիկոլ Փաշինեան այս առնչութեամբ նաեւ պաշտօնապէս դիմած է ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի գործող նախագահ, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնին` 15 Մայիս 1992ի «Հաւաքական անվտանգութեան մասին» պայմանագիրի երկրորդ յօդուածի ծիրին մէջ, ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու դիրքորոշումները համակարգելու եւ յառաջացած սպառնալիքի վերացման համար միջոցներու ձեռնարկելու նպատակով արտակարգ խորհրդատուութիւններու անյապաղ սկսելու գործիքակազմը գործադրելու համար: Ան այս մասին, ինչպէս նաեւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հանգամանալից տեղեկատուութեամբ նամակներ յղած է նաեւ ՀԱՊԿի միւս անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն։
Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի աւարտին 86 թեր քուէներով որդեգրուեցաւ յայտարարութիւն մը, որուն մէւ խստագոյնս կը դատապարտուի Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները՝ հաստատելով, որ Ատրպէյճանի վարած յարձակողական քաղաքականութիւնը կը խախտէ ՄԱԿի կանոնադրութեամբ ամրագրուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքները: Յայտարարութեան հեղինակն էր «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ անիկա կը կրէր «Սահմանամերձ գօտիներում, մասնաւորապէս` Սիւնիքում, Գեղարքունիքում եւ Վայոց ձորում ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակի, առկայ խնդիրների եւ դրանց լուծման ուղիների, սահմանների պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ապահովմանն ուղղուած հարցերի վերաբերեալէ ՀՀ ազգային ժողովի յայտարարութեան նախագիծ» խորագիրը, զոր նիստին ընթացքին ներկայացուց խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Աբովեան:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ հետեւեալը. «Ձեռնարկուելու են վճռական կոշտ գործողութիւններ` Ադրբեջանի ռազմական ագրեսիան կասեցնելու եւ ՀՀ ժողովրդին եւ ինքնիշխան տարածքը պահպանելու նպատակով. կոչ է անում միջազգային հանրութեանը դատապարտել` Ադրբեջանի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած սադրիչ գործողութիւնները, ուժի գործադրման սպառնալիքներն ու փաստացի գործադրումը, որը սպառնում է տարածաշրջանային փխրուն խաղաղութեանն ու անվտանգութեանը»։