ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըր հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Ըստ Պաքուի՝ կողմերը «միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին եւ հայ-ատրպէճանական սահմանի լարուածութեան շուրջ»: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին այս լարուածութիւնը դիւանագիտութեամբ եւ բանակցութիւններով հարթելու անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ Պաքուի՝ Պայրամով ընդգծեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանը ուղարկուած է երկրին սահմանապահ ծառայութեան ղեկավարութիւնը՝ հայկական կողմին հետ բանակցութիւններով լարուածութիւնը հարթելու համար:
Նշենք, որ Ռիքըր հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ: