ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արաքսիա Նորտիքեան ընտրուած է Ուոլթըր եւ Լորըլ Քարապեաններու անուան վարժողական ծրագիրի 2021ի մասնակցողը։ Սովորաբար, Սաքրամենթոյի մէջ իրականացուող եւ իննամսեայ տեւողութիւն ունեցող այս ծրագիրին առաջին վեց ամիսը այս տարի բացառաբար պիտի իրականացուի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասնեակնեուն մէջ, իսկ մնացեալը՝ նահանգին մայրաքաղաքին մէջ գտնուող պետական պաշտօնատարի մը գրասենեակին մէջ։
Արաքսիա Նորտիքեան իր փորձառութիւնները ի սպաս պիտի դնէ Հայ Դատի գործունէութեան, կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան՝ աւելցնելով, որ այս ծրագիրին շնորհիւ պիտի հարստանայ նաեւ Արաքսիային քաղաքական փորձառութիւններուն պաշարը։
Նորտիքեան շրջանաւարտ Է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, ուրկէ իմաստասիրութեան ճիւղին մէջ վկայուած է Պսակաւոր արուեստից, իսկ հանրային վարչութեան ճիւղին մէջ՝ Մագիստրոսի վկայականներով։
Այս ծրագիրը առիթ կ՛ընծայէ մասնակցողներուն՝ բարելաւելու իրենց ղեկավարման ձիրքերը եւ քաղաքականութեան կամ հանրային քաղաքականութեան մարզերուն մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ գտնեն։