ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Պի.Պի.Սի.»․- Երուսաղէմի մէջ, վերջին քանի մը օրերուն սաստկացած իսրայէլ-պաղեստինեան բախումներուն լոյսին տակ, պաղեստինեան Կազայի հատուածէն Երկուշաբթի գիշեր արձակուեցան հրթիռներ, որոնցմէ քանի մը հատը ինկան իսրայէլեան տարածքներու մէջ։
Իբրեւ հակադարձութիւն՝ իսրայէլեան ուժերը ծանրօրէն ռմբակոծեցին Կազան, սպաննելով առնուազն 26 պաղեստինցիներ, ներառեալ 9 մանուկներ։
Պաղեստինցիներու յարձակումներուն պատճառաւ զոհ գացին իսրայէլացի երկու զինուորներ: