ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած կազմակերպութեան անդրանիկ շարադրական երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) մրցումին մասնակցութիւն բերին շրջանիս հայկական եւ հանրային վարժարաններէ առաւել քան 50 աշակերտներ։
Շարադրութեան նիւթերն էին՝ 2020ին մարդկութեան եւ հայութեան դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրները՝ համաճարակը եւ Արցախի պատերազմը ու անոնց ազդեցութիւնը եւ անոնց հետեւանքները դարմանելու կարելիութիւնները։
Առաջնութիւն շահած աշակերտները ստացան 500ական տոլար մրցանակ, երկրորդ մրցանակ շահողները՝ 250ական տոլար, իսկ երրորդ դիրքը գրաւողները՝ 100ական տոլար։
Ստորեւ մրցանակակիրներուն ցանը․
ՀԱՅԵՐԷՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
1․ Լորի Տէմիրճեան (11րդ դասարան), Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
2․ Նարին Արիսեան (11րդ դասարան), ՀԲԸՄ Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարան
3․ Անի Յակոբեան (11րդ դասարան), ՀԲԸՄ Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարան
ԱՆԳԼԵՐԷՆ՝ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
1․ Յակոբ Ֆրիաս (9րդ դասարան), Պլեր վարժարանի Հայկական ճեմարան
2․ Սոֆիա Գէորգեան (11րդ դասարան), ՀԲԸՄ Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարան
3․ Մելոտի Սերայտարեան (12րդ դասարան), Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
ՀԱՅԵՐԷՆ՝ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
1․ Սարհատ Մելքոնեան (7րդ դասարան), Վահագն Եւ Յասմիկ Յովնանեան վարժարան
2․ Նանար Շահինեան (8րդ դասարան), Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարան
3․ Ռուբէն Ղազարեան (8րդ դասարան), Պլեր վարժարանի Հայկական ճեմարան
ԱՆԳԼԵՐԷՆ՝ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
1․ Անտրէ Գէորգեան (8րդ դասարան), ՀԲԸՄ Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարան
2․ Նարեկ Խաշաքի (7րդ դասարան), Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարան
3․ Էմըլի Քրթոթեան (8րդ դասարան), ՀԲԸՄ Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարան
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Վերջին տասնամեակին, հաստատութիւնը 5.2 միլիոն տոլարի նպաստներ բաժնած է գլխաւորաբար Հայաստանի գիւղերուն, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ։ Անիկա 1998էն ի վեր 200էն աւելի վարժարաններ նորոգած է:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել aefweb.org կայքը: