Երեքշաբթի, 25 Մայիսի առաւօտեան, Ազգային առաջնորդարանը այցելեցին Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի Հոգեւոր խնամատարութեան բաժինի տնօրէն Նելու Նետելիա եւ Առեւտրական բաժինի փոխնախագահ Ռամելա Մարգարեան: Անոնք հանդիպում ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս Տօնոյեանի հետ:
Այցելուները պատրաստակամութիւն յայտնեցին աւելի մօտէն շփուելու Ազգային առաջնորդարանին հետ, միաժամանակ խնդրամատոյց ըլլալով առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր կարգին այցելէ «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցը:
Առաջնորդ սրբազանը նախ գնահատեց հիւանդանոցին պատասխանատուները, որոնք լայն ծառայութիւն կը բերեն շրջանի բնակչութեան եւ մասնաւորաբար հայ ժողովուրդի զաւակներուն, ապա իր խնդրեց, որ հիւանդանոցի անձնակազմը յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ հայ հիւանդներուն` յիշեցնելով նաեւ, որ Ազգային առաջնորդարանը պատրաստ է պարբերաբար գործուղելու հոգեւորականներ, որպէսզի հոգեւոր սնունդ մատակարարեն հիւանդներուն, յատկապէս այն հայորդիներուն, որոնք կարիքը ունին հոգեւոր հզօրացման, մխիթարութեան եւ յոյսի:
«Էտվենթիսթ»ի պատասխանատուները բարձր գնահատեցին սրբազան հօր այս առաջարկը եւ տրամադրութիւն յայտնեցին ամէնէն արագ միջոցին դասաւորելու պարտն ու պատշաճը:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան: