
ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ»․- Աջակողմեան Նեֆթալի Պենեթ հաւանաբար դառնայ Իսրայէլի յաջորդ վարչապետը։
Իսրայէլի կեդրոնի ուժերէն «Եշ Աթիտ» կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յաջողած է նախարարներու նոր կազմ ձեւաւորել՝ Պենեթի եւ վեց այլ կուսակցութիւններու հետ գործակցելով։ Համախոհական կառավարութեան զօրակցողներուն մէջ կայ նաեւ պաղեստինեան կուսակցութիւն մը։
Ըստ համաձայնութեան՝ յառաջիկայ երկու տարիներուն վարչապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ աջակողմեան «Եամինա» կուսակցութեան համահիմնադիր՝ Պենեթ, որմէ ետք վարչապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Լափիտ։
Կառավարութեան ներկայ ղեկավարը՝ Պենիամին Նեթանիահու, որ այդ պաշտօնին վրայ է 12 տարիներէ ի վեր, արդէն իսկ աշխատանք կը տանի ձախողութեան մատնելու այդ համաձայնութիւնը, որ պէտք է վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ, ուր սկզբունքով համախոհական կառավարութիւնը բաւարար քուէներ ունի։
Իսրայէլի նախագահը 5 Մայիսին Լափիտին յանձնարարած էր 28 օրերու ընթացքին նոր կառավարութիւն կազմել, որովհետեւ տրուած պայմանաժամին մէջ Նեթանիահու («Լիքուտ» կուսակցութիւն) չէր յաջողած կառավարութեան դաշինք ստեղծել։