ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող քաղաքականութիւնը նոր թափ ստացած է: Երկրի իշխանութիւնները հակահայկական սուտերու շրջանառման եւ ամրապնդման համար կը դիմեն զանազան ձեւերու։
Արդարեւ, Էրզրում (Կարին) քաղաքին մէջ պիտի կառուցուի «հայերու կատարած բռնութիւններ»ու մասին պատմող թանգարան մը, իր գրադարանով, որուն համար քաղաքացի մը 5 միլիոն տոլար նուիրատուութիւն կատարած է:
Էրզրումի քաղաքապետ Մեհմետ Սեքման յայտնած է, որ իրենց նպատակն է՝ աշխարհին պատմել 1918էն առաջ կատարուած «դաժանութիւններ»ուն մասին: