ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն Հինգշաբթի օր նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նիստի մը` ներկայութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Կեդրոնական դրամատան թիւ 151 հրամանագիրի գործադրութեան վերջ տալու որոշումին հետեւանքները, եւ ըստ այնմ որոշուեցաւ թիւ 151 հրամանագիրին գործադրութիւնը ուժի մէջ պահել: Այսինքն` դրամատուները պիտի շարունակեն տոլարով հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները անոնց յանձնել 3900 լիբանանեան ոսկի սակագինի հիման վրայ:
Կեդրոնական դրամատունը աւելի կանուխ յայտարարած էր, որոշած է վերջ տալ իր հրապարակած թիւ 151 հրամանագիրի գործադրութեան, որմէ ետք, զանազան շրջաններու մէջ քաղաքացիներ այդ որոշումին դէմ բողոքի ցոյցեր կատարեցին: