ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերիներու նկատմամբ որեւէ հետապնդում կամ դատավարութիւն միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում է, յայտարարեց Հայաստանի մարդկային իրաւունքների պաշտպան Արման Թաթոյեան, ակնարկելով 2 Յունիսին, Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած հայկական կողմի գերիներ՝ Լիւդուիկ Մկրտչեանի եւ Ալեօշա Խոսրովեանի իրաւունքներուն հարցով դատական նիստը, շեշտելով, որ անիկա միջազգային իրաւունքը ամբողջութեամբ ոտնահարող քրէական գործ մըն է։
«Աւելին, Ադրբեջանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ գլխաւոր դատախազութիւնը տարածեցին յայտարարութիւն. «Հադրութի հիւսիս-արեւմտեան շրջանից ադրբեջանցի զինուորականների ու քաղաքացիական անձանց դէմ ներթափանցելու, ահաբեկչութիւն եւ այլ յանցագործութիւններ իրականացրած ընդհանուր առմամբ 14 հայ ռազմագերիների դէմ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնն աւարտուել է եւ ուղարկուել դատարան: Նախ, Ադրբեջանում ապօրինի պահուող հայկական կողմի բոլոր զինծառայողներն ու քաղաքացիական անձինք կարգավիճակով գերի են. նրանք գերեվարուել են զինուած հակամարտութեան ժամանակ եւ հիմա էլ այդ հակամարտութիւնը չի աւարտուել»:
Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը գրէ, թէ նշեալ 14 հայ գերիներուն դէմ քրէական գործը պիտի քննուի Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ` դատաւոր Աֆղան Հաճիեւի գլխաւորութեամբ: Կը նշուի, որ Հրաչ Արզումանի Աւագեանի, Գեղամ Սամուէլի Սերոբեանի եւ միւսներուն (ընդհանուրը` 14 հոգի) նկատմամբ ներկայացուած են մեղադրանքներ՝ ահաբեկչութեան, կազմակերպուած դաւադրութեան եւ շարք մը այլ շինծու յանցանքներով։
Հայկական կողմի տուեալներուն համաձայն՝ Արցախի պատերազմի աւարտէն ետք, Ատրպէյճանի մէջ կը պահուին շուրջ 240 հայ գերիներ: Պաքու կը յայտարարէ, որ բոլոր պատերազմական գերիները վերադարձուցած է եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, իսկ ներկայիս պահուող հայ գերիները կը նկատէ «ահաբեկիչ»ներ եւ «ներթափանցող»ներ: