ՄԻՊ-Ը ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԳԵՐԻՆԵՐԸ ՍԱԿԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼԸ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 16 Յունիսին, Պաքուի մէջ սկսաւ 14 հայ գերիներու դատավարութիւնը։ Այս մասին յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, ըստ որոնց, միջազգային իրաւունքի եզրերու խախտումներով Ատրպէյճանի մէջ դատարանին առջեւ կանգնած են ռազմագերիներ Գեղամ Սերոբեան, Հրաչ Աւագեան, Արմէն Պաղասեան, Գոռ Գասպարեան, Կամօ Սեֆիլեան, Վոլոտիա Յակոբեան, Գէորգ Ասերտեան, Սիսակ Ենոքեան, Ալպերթ Պետրոսեան, Ռոմիկ Սեդրակեան, Արամ Մինասեան, Մկրտիչ Մինասեան, Էտկար Մաթեսեան եւ Եուրի Կարապետեան:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, շարունակելով խախտել միջազգային իրաւունքներու չափանիշները՝ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտեցին Շուշիի մօտերը գերի բռնուած լիբանանահայ Վիգէն Էլճէքճեանը:

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի (ՄԻՊ) գրասենեակը հրապարակեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն քննարկումէն հատուած մը, որուն կողքին գրութեամբ մը կ՛ըսուի, որ այս անհերքելի ապացոյց է այն մասին, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հայկական կողմի գերիները կը պահեն քաղաքական սակարկութիւններու համար:
Գրասենեակը կ՛անդրադառնայ հետեւեալ կէտերուն.
1) Հայկական կողմի բոլոր գերիները ապօրինաբար կը պահուին պատանդի վիճակի մէջ` քաղաքական սակարկութիւններու համար.
2) Կը կատարուի մարդոց առեւտուր`յանցանք արձանագրելով.
3) Միջազգային հանրութիւնը կը մոլորեցնեն` պնդելով, որ իբր թէ գերիները ահաբեկիչ կամ ներթափանցող են.
4) Գերիներուն հաշուոյն կը կատարուին կեղծ քրէական դատավարութիւններ:
ՄԻՊ գրասենեակը դիտել կու տայ, որ տեսանիւթը՝ պաշտպանի պաշտօնական նամակով, պիտի ուղարկուի ՄԱԿի մասնագիտական մարմիններուն, ԵԱՀԿին, Եւրոպական խորհուրդին եւ այլ միջազգային կառոյցներու: