ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Թասս».- Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը շարունակեն Իրանի հետ բանակցութիւնները` հակառակ Թեհրանի հասցէին հնչող նոր մեղադրանքներուն, յայտարարեց Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի:
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Երեքշաբթի օր Իրանի գաղտնի սպասարկութիւնը մեղադրած էին ամերիկացի կին լրագրող մը առեւանգելու եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն դուրս բերելու նպատակով դաւադրութեան կազմակերպման յանցանքով: Այս գործով մեղադրանք առաջադրուած է հինգ անձերու դէմ: Լրագրողը կը բնակէր Նիւ Եորք:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փսաքիէն հարցուցին, թէ այդ միջադէպը ինչպէ՛ս պիտի անդրադառնայ Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն վրայ, որոնք կը վերաբերին Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին. ան պատասխանեց՝ ըսելով. «Մենք երբեք Իրանը չենք գնահատած՝ իբրեւ համաշխարհային ասպարէզին մէջ դրական կողմ: Միաժամանակ, կը շարունակենք կարծել, որ շարունակուող բանակցութիւններուն մասնակցիլը մեր ազգային շահերէն կը բխի: Մենք պիտի շարունակենք այդ բանակցութիւնները»: