ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ․- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին հրապարակած է 2021-22 տարեշրջանի դրամաշնորհներու ցանկը։
Իրենց ուսումնասիրութեան կամ հրատարակութեան համար աջակցութիւն ստացած են դոկտ․ Աստղիկ Քուզանեան, դոկտ․ Ալիսա Մաթիաս եւ դոկտ․ Հրակ Փափազեան։
Համալսարանի անձնակազմէն փրոֆ. Մովսէս Պօղոսեան եւ փրոֆ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւս դրամաշնորհները ստացած են յաջորդաբար հաւաքագրելու համար երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեանի երաժշտական հաւաքածոն եւ հրատարակելու համար Իրանի հայ համայնքին մասին գիտաժողովին նիւթերը։
Աջակցութիւն պիտի ստանայ նաեւ Հայաստանի մէջ թոքի քաղցկեղի նուիրուած ուսումնասիրութեան մը պատրաստուող կենասգիտութեան ուսանող Նէյթըն Չուն։