ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, 14 Յուլիսին, Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան առք. Դանիէլեան այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին եւ Հայ Դատի գրասենեակը ու յունական Մայր եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ միջեկեղեցական աղօթքին:

Առաջնորդը հանդիպեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի հետ։ Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէր Սուրբ Խաչ (Մերիլենտ) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Ագթաւուգեան։ Ջերմ եւ սիրալիր զրոյցի մը ընթացքին, անոնք քննարկեցին Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ իրավիճակը ։ Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց դեսպան Ներսէսեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին ձեռնհասութիւնը՝ մշտական կերպով կապ պահելու ամերիկահայ իրականութեան մէջ գործող եկեղեցական եւ աշխարհական դասուն հետ։ Դեսպան Ներսէսեան, աւարտած ըլլալով իր առաքելութիւնը՝ շուտով պիտի վերադառնայ Հայաստան։
Այնուհետեւ, առաջնոռդը այցելեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ամառնային վարժողական դասընթացքին (internship) մասնակցող երիտասարդներուն հետ։ Սրբազան հայրը դրուատեց Հայ Դատի գրասենեակի կատարած անխոնջ աշխատանքը՝ ի խնդիր մեր իրաւունքներուն ճանաչման՝ թէ՛ դաշնակցային եւ թէ նահանգային մակարդակներու վրայ։ Ան նաեւ քաջալերեց երիտասարդները իրենց յանձնառութեան համար՝ անոնց մէջ ողջունելով վաղուան գիտակից իրաւատէր սերունդը։
Նոյն օրը երեկոյեան, Անուշաւան սրբազանը, դարձեալ տէր Սարգիսի ընկերակցութեամբ մասնակցեցաւ միջեկեղեցական աղօթքի մը, որ կազմակերպուած էր In Defense of Christians կազմակերպութեան եւ Յոյն եկեղեցւոյ առաջնորդութեան կողմէ, յունական Ս. Սոֆիա Մայր եկեղեցւոյ մէջ։