ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Երեւան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, հանդիպումներ ունեցաւ, ինչպէս նաեւ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յատկապէս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան մէկ կողմէ կը խօսի խաղաղութեան մասին, միւս կողմէ հանդէս կու գայ Հայաստանի տարածքներուն նկատմամբ յաւակնութիւններու վերաբերող հռետորաբանութեամբ:
17 Յուլիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, լրագրողներէն մէկը Շարլ Միշելին հարցուց, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի նախագահին՝ մէկ կողմէ խաղաղութեան, միւս կողմէ Հայաստանի տարածքներու նկատմամբ յաւակնութիւններու մասին յայտարարութիւնները. արդեօք այստեղ հակասութիւններ չե՞ն տեսներ, եւ Եւրոպան ի՞նչ ընելիք ունի. Միշել շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ձեռնպահ մնալ յարձակողական հռետորաբանութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ անդրադառնալ բոլոր բաղադրիչներուն եւ տարրերուն, որոնք հիմնական են։
«Ես հանդիպում պիտի ունենամ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ, եւ ես պիտի փորձեմ տեսնել, թէ Եւրոպական Միութիւնը ի՛նչ կառուցողական եւ դրական դեր կրնայ խաղալ` սատարելու համար Մինսքի խմբակին եւ նաեւ մեր փորձառութիւնը ի սպաս դնելու: Եւրոպական Միութեան պատմութիւնը նոյնպէս հիմնուած է նախկին տագնապներու յաղթահարման վրայ: Սակայն այդ նախկին տագնապներու յաղթահարումէն ետք Եւրոպական Միութեան մակարդակով շատ լուրջ յառաջընթաց եղաւ: Մենք յաջողեցանք: Սկիզբը անիկա դիւրին չէր, մենք կրցանք քայլ առ քայլ յառաջընթաց արձանագրել` կառուցելու համար այս եզակի քաղաքական ծրագիրը` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան վրայ», մանրամասնեց Միշել:
Անդրադառնալով շրջանային համագործակցութեան խթանման` ան մասնաւորաբար խօսեցաւ փոխադրամիջոցներու մարզի հարցերուն մասին: «Ես գիտեմ, որ կան երկաթուղիներ ներառող ծրագիրներ: Ասիկա կրնայ ըլլալ հաւանական կէտ մը, որուն շուրջ կրնայ երկխօսութիւն ծաւալիլ: Ես չեմ թերագնահատեր դժուարութիւնները, ես կը գիտակցիմ, թէ որո՛նք են խոչընդոտները եւ դժուարութիւնները, սակայն քաղաքական կամքի գոյութիւնը այստեղ կարեւոր է: Ասիկա չի նշանակեր, որ մէկ օրուան մէջ կարելի է ամէն հարց լուծել, այդ մէկը ժամանակ պիտի պահանջէ, դժուարութիւններ պիտի ըլլան, սակայն առաջինը քայլը փորձելն է՝ աւելի լաւ փոխադարձ համագործակցային մթնոլորտ ձեւաւորել, փորձել հասկնալ, թէ որո՛նք են տարամէտ կարծիքները, փաստարկները եւ փորձել գտնել որոշ հաւանական լուծումներ», դիտել տուաւ Շարլ Միշել: