ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սահմանադրական դատարանը որոշեց ուժի մէջ պահել Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի որոշումը՝ 20 Յունիս 2021ին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերող։
Սահմանադրական դատարանի որոշումը ընթերցեց դատարանի նախագահ Արման Դիլանեան՝ հաստատելով, որ որոշումը վերջնական է եւ ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն։
Ըստ անոր՝ որոշումին ամբողջական բնագիրը օրէնքով սահմանուած եռօրեայ ժամկէտի մէջ պիտի հրապարակուի Սահմանադրական դատարանի կայքին վրայ եւ առաքուի կողմերուն:
Յիշեցնենք, որ Սահմանադրական դատարանը որոշած էր միաւորել ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու վերաբերեալ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու, «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւններու դիմումները, որովհետեւ անոնք կը վերաբերէին նոյն հարցին: Միաւորուած գործով դատաքննութիւնը սկսած էր 9 Յուլիսին: