ԵՐԵՒԱՆ, ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Կիրակի, 18 Յուլիսին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի, անդամներ Օշին Փիրումեանի եւ Դաւիթ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ Սանտրա Վարդանեանի, այցելեց Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ վերականգնեց 44օրեայ պատերազմէն ետք աշխատանքէ դադրած ՀՄԸՄի Արցախի Մեկուսի շրջանը։
ՀՄԸՄի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մեկուսի շրջանի նոր վարչութեան հետ եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ փուլին Արցախի մէջ ՀՄԸՄի ծաւալելիք աշխատանքներուն շուրջ։
Նոյն օրը, ՀՄԸՄի պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդական Արմէն Սարգսեան։
Հանդիպումէն ետք, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ ՀՄԸՄը, իբրեւ ՀՅԴի ուղեկից կառոյց, Արցախի մէջ գործունէութեան սկսաւ Օգոստոս 2019ին։ Ան մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄի աշխատանքներուն վերսկսումը Արցախի մէջ՝ պատանեկան եւ երիտասարդական շրջանակներու մօտ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած հարցերը դարմանելու համար։
Իր կարգին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄի հիմնական նպատակներէն մէկն է՝ նոր սերունդին ազգային առողջ դաստիարակութեան ջամբումը եւ առողջ միտքով ու առողջ մարմինով սերունդներու կերտումը։ «Արցախի պատանիներու եւ երիտասարդներու ազգային դաստիարակութեան հարցը ՀՄԸՄի գլխաւոր աշխատանքներէն մէկն է», շեշտեց ան։
ՀՄԸՄի պատուիրակութիւնը Արցախի մէջ այցելեց Ստեփանակերտի եղբայրական գերեզմաննոցը եւ յարգանքի իր տուրքը մատուցեց Արցախի Հանրապետութեան անդրանիկ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Արթիւր Մկրտչեանի շիրիմին եւ Արցախեան վերջին պատերազմին նահատակուած արցախցիներու յիշատակին։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը Արցախ մեկնելէ առաջ, Հայաստանի մէջ Եռաբլուրի եւ Պռոշեանի նահատակաց պանթէոններ՝ յարգանք տուրք մատուցելով նահատակներուն յիշատակին։