ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- «Անթարես» հրատարակչութիւնը հրատարակած է պոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքի մասին պատմող ժողովածուն՝ «Մեր Ներսի Հայը (1915-2015)» խորագիրով։
Գիրքին թրքերէն տարբերակը կազմած է Եղիթ Պեներ։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կազմուած այս ժողովածուն կ՛ընդգրկէ Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած 35 մտաւորականու գործեր, որոնց հեղինակները ոչ միայն կ՛ընդունին Եղեռնի փաստը, այլեւ կը փորձեն գտնել իրենց «ներսի հայը» զանազան ոճերու միջոցով՝ կարճ արձակէն մինչեւ բանաստեղծութիւն, հրապարակախօսութենէն մինչեւ յուշագրութիւն:
Հայերէն հրատարակութեան նախաձեռնողը Արմէն Հայաստանցին (Օհանեան) է։