ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Գատըգիւղի եկեղեցւոյ միջադէպը տեղափոխեց Թուրքիոյ խորհրդարան եւ անոր ամպիոնէն դատապարտեց արարքը:
Փայլան ըսաւ հետեւեալը. «Գատըգիւղի հայկական եկեղեցւոյ դէմ անարգանք մը եղաւ: Միջադէպը մեծ վրդովում եւ ընդվզում ստեղծեց հասարակութեան մօտ: Մենք բոլորս ալ ունինք մեր աղօթավայրերը: Քրիստոնեաներու սրբութիւններու նկատմամբ յարգանքը նոյնքան կարեւոր է, որքան մահմետականներու սրբութիւններու նկատմամբ յարգանքը: Դժբախտաբար քրիստոնէական արժէքներ բազմիցս պղծուած են մեր երկրին մէջ եւ մեղաւորները անպատիժ մնացած են: Ես կը դատապարտեմ այն անհատները, որոնք անյարգալիր վերաբերում ցոյց կու տան, կը դատապարտեմ նաեւ այն անձերը, որոնք իրենց քայլերով այսպիսի արարքներու ճամբայ կը բանան: Գատըգիւղի այդ հրապարակը 24 ժամ շարունակ ոստիկանութեան հսկողութեան տակ է: Հրապարակին վրայ միշտ քաղաքացիական հագուստով կամ համազգեստով ոստիկաններ կը շրջին: Դէպքի պահուն ալ ոստիկաններ կային հրապարակին վրայ, բայց անոնք լռեցին այս անյարգալիր վերաբերումին դիմաց: Ես հիմա այս ամպիոնէն հարց կու տամ. ո՞վ ճամբայ բացաւ այս անպատկառութեան: Ոստիկանութեան, ո՞ր աշխատակիցները լուռ մնացին: Ո՞ր վերադասները լռեցին այս անյարգալիր վերաբերումին դիմաց: Ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ երկրի նախագահութիւնը միանշանակ կասկածի տակ պէտք է առնեն այս դէպքը: Մեղաւորները անպայման պէտք է պատժուին: Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ որո՛նք են տուն տուող պատճառները: Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ պատճառով ստեղծուած է անյարգալիր այս վերաբերումը: Անշուշտ, այս երկրին մէջ, ոստիկանութիւնը երբեք չ՛արտօներ որ անյարգալիր վերաբերում դրսեւորուի մահմետական տաճարներուն նկատմամբ: Բայց ոստիկանութիւնը լռեց մեր եկեղեցւոյ հանդէպ դրսեւորուած այս տմարդի արարքին դիմաց: Ինչո՞ւ, գիտէ՞ք: Մենք գիտենք պատճառը: Այս երկրին առաջին դէմքը՝ հանրապետութեան նախագահ Էրտողան, ատելութեան խօսքեր կը գործածէ քրիստոնեաներու դէմ: Լսելով ատելութեան այս խօսքը, իրաւապահներ լուռ կը մնան քրիստոնեաներու դէմ յարձակումներու դիմաց: Ասիկա անընդունելի է: Այս առումով թէ՛ նախագահը, թէ՛ ներքին գործոց նախարարը ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն իրենց ելոյթներուն եւ անհրաժեշտ զգայնութիւնը ցոյց տան այդ ելոյթներէն ծնունդ առած յանցաւոր դէպքերու նկատմամբ: Այս դէպքին հեղինակները պէտք է պատժուին, իշխանութիւնն ալ վերջ պէտք է տայ ատելութեան խօսքին: Հակառակ պարագային, ատելութեան ենթահողի վրայ յարձակումները պիտի շարունակուին»: