ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 12 Օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 5:20էն սկսեալ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հայ սահմանապահներու պատասխան գործողութիւններուն միջոցաւ թշնամիին կրակը դադրած է: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան:
Ըստ աղբիւրին՝ ժամը 7ի դրութեամբ, իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է:
Իսկ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ 12 Օգոստոսի գիշերը, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները Արցախի Հանրապետութեան արեւմտեան հատուածին մէջ փորձեցին հատել Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծը:
Պաշտպանութեան բանակի հակազդող գործողութիւններուն միջոցաւ փորձը կանխուեցաւ եւ թշնամին վերադարձուեցաւ իր ելման դիրքերը։ Հայկական կողմէն կորուստներ չկան։
Ատրպէյճանական կողմի սադրանքին մասին անյապաղ տեղեակ պահուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրախումբի հրամանատարութիւնը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց Արցախի պաշտպանութեան բանակի տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր օգտագործած են: Այս մասին հաղորդուեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին վրայ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ իր առաջադրանքը կատարել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Նախորդ օրերուն արձանագրուեցաւ կրակի դադրեցման դրութեան մէկ խախտում: 2021 թուականի Օգոստոս 11ին, ժամը 7:29ին եւ 7:58ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հարուածային տեսակի անօդաչու սարքերու կիրարկումով երկու հարուած հասցուցին Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու դիրքերու ուղղութեամբ: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը միջոցներու ձեռնարկեց իրավիճակի հետագայ սրման թոյլ չտալու համար: Կը կատարուի հետաքննութիւն», կը նշուի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Already 10 days and the government, thanks to opposition active sabotage of
accusations, is not working properly, facing NEW threat from Azerbaijan to
OCCUPY Sunik province, try to NAKHICHEVAN OCCUPATION instead of Return
as signed 100 years ago. Opposition is acting like 5th Column INSIDE parliament
PROVING KARABAGH COMMITTEE ARMENIA DESTRUCTOR 30 YEARS PLAN,
SINCE 1ST WAR, VICTORIOUS, TURNING LOSER. Actually HELPING TURKEY,
AZERBAIJAN AND BOLSHEVIKS, IN THEIR OBJECTIVE,TO DESTROY ARMENIAN
REPUBLIC, before Europe try to help to Save Armenia TOTAL SUBJUGATION.
ANTI ARMENIA ANY FORCE MUST BE DESTROYED >>FROM INSIDE<< ENABLING
TO FIGHT TOTAL DESTRUCTION BECAUSE OF PLANED DISMANTLEMENT , BY
REPLACING ONLY NATIONALISTS, EXCLUSIVELY, AS PRO ARMENIA FOREVER!!.