ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան եւ ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Ծովինար Յարութիւնեան Կապան համայնքի ղեկավար Գէորգ Փարսեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին Կապան համայնքի Սիւնիք գիւղը:
Պատերազմէն ետք անվտանգութեան եւ ընկերային հարցերու դէմ յանդիման կանգնած գիւղը այցելութեան նպատակն էր՝ լսել բնակիչներուն, քննարկել երիտասարդներուն եւ կիներուն աշխատանքի, անոնց տնտեսական կարողութիւններու զարգացման, ընկերային ձեռնարկատիրութեան խրախուսման, տարեցներու ներգրաւման, առողջ ապրելակերպի եւ այլ հարցեր:
Բնակիչները բարձրացուցին զանազան հարցեր՝ անվտանգութենէն սկսած մինչեւ բնապահպանական հարցեր: Մասնաւորապէս, բնակիչները նշեցին, որ պատերազմէն ետք՝ սահմանային գործընթացներով պայմանաւորուած, զրկուած են հողատարածքները օգտագործելու կարելիութենէն, իսկ Ատրպէյճանի զինուած ծառայողներու ներկայութիւնը գիւղին, քաղաքացիական տուներու անմիջական դրացնութեամբ զիրենք կը դնէ ապահովական շատ լուրջ հարցերու դիմաց։
Ծովինար Յարութիւնեան ներկայացուց ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնարկի աջակցութեամբ Սիւնիքի մարզի Գորիս, Մեղրի եւ Կապան համայնքներուն մէջ արդէն իսկ յաջողութեամբ գործող կանանց պաշարներու կեդրոններու աշխատանքները, որոնց օրինակը տարածուած է Հայաստանի այլ մարզերու մէջ: Կիները այսպիսով մասնագիտութիւն կը ստանան, աշխատանք կը գտնեն եւ կը ներգրաւուին զանազան ծրագիրներու մէջ:
Կապան համայնքի ղեկավար Գէորգ Փարսեան հանդիպման ընթացքին ներկայացուց համայնքապետարանին կողմէ իրականացուող քայլերը՝ գիւղի ենթակառուցուածքներու բարելաւման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ մարդոց ընկերային աջակցութեան վերաբերող ծրագիրները:
Պաշտպանւ եւ ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնարկիի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավարը բնակիչներուն հետ քննարկեցին անոնց կարիքները եւ զանոնք բաւարարելու ուղղութեամբ հնարաւորութիւնները, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կիներուն աշխատանք ապահովելու հարցերուն։