ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային բոլոր վարժարանները կրթական նոր՝ 2021-2022 տարեշրջանի վերամուտի զանգին ընդառաջ, իրենց դռները լայն բացին 18 Օգոստոսին եւ ուրախութեամբ ընդունեցին իրենց հին եւ նոր աշակերտներ եւ անոնց ուղեկցող ծնողները: Այս առիթով, առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան սրբազան հօր վերամուտի պատգամը (տես՝ առաջին էջ) ընթերցուեցաւ Ազգային բոլոր վարժարաններուն մէջ, իրենց շրջաններու հոգեւոր հովիւներուն կողմէ:
Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոսի առաւօտեան, առաջնորդը նախագահեց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, ուր ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, տնօրէնութիւն, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ: Հոգեւոր հովիւին առաջնորդութեամբ հնչեց Տէրունական աղօթքը, ապա տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան ողջունեց ներկաները եւ յոյս յայտնեց, որ այս տարեշրջանին, վերամուտի զանգէն սկսեալ մինչեւ տարեշրջանի աւարտը անխափան կը շարունակուին դասաւանդութիւնները, վերջ կը գտնէ համաճարակային առօրեան, եւ կեանքը կը գտնէ իր բնականոն հունը:
Սրբազան հայրը նախ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ Ազգային վարժարանները յաջողեցան իրականացնել վերամուտ՝ նոր յոյսերով առլցուն, ապա տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն մաղթեց օրհնեալ եւ բեղուն տարի մը, իսկ աշակերտութեան՝ «աշակերտի յատուկ անհոգ, թեթեւ եւ առանց մտահոգութեան» տարեշրջան մը: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այս տարի, բաղդատած նախորդ տարուան՝ ըլլայ աւելի պայծառ, որպէսզի բոլոր հայկական վարժարանները եւ մասնաւորաբար ազգայինները կարենան իրենց կրթական ծրագիրը լաւապէս իրագործել եւ ակնկալուած արդիւնքը տալ, առանց յաւելեալ տագնապներու եւ դժուարութիւններու: Առաջնորդը իր խօսքին մէջ նաեւ շեշտեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իր գործադիր իշխանութեամբ եւ ինք՝ իբրեւ առաջնորդ, Ազգային վարժարաններու յաջողութեան հետամուտ են, ապա մաղթեց, որ հայ բարերարները եւ բարեկամները շարունակեն իրենց անսակարկ զօրակցութիւնը ցուցաբերել Հայ Դպրոցին, որ «մեր ազգին յաւերժութիւնը ապահովող լուսաւոր փարոսը եղած է եւ է՛, հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին»: