ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները 1 Սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 11:10ի շուրջ, անգամ մը եւս սադրանքի դիմեցին եւ հրաձգային զինատեսակներէ եւ արձակազէնի հրացաններէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Արարատի մարզի, մասնաւորապէս` Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Կրակոցներէն ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ եւ զոհուեցաւ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի պայմանագրային զինուոր, 1982ի ծնունդ Գեղամ Սահակեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը իր վշտակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց զինուորի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։
«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ դատապարտում է ադրբեջանական կողմի գործողութիւնները եւ նախազգուշացնում, որ դրանք անպատասխան չեն մնայ: Իրադրութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնն ընկնում է Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։