Տոքթ. Վիգէն եւ Մարինա Սէֆիլեաններ Թագուհի Սարգիսեան (ձախէն երկրորդը) հիմնարկի ներկայացուցիչներուն հետ Չարլզ եւ Հուրի Սետլըրներ ու Էնթընի Քրաֆըրտ Արթուր Զենեան իր ընտանիքին հետ Արմէնիա Սինանեան
Մեքսին ՈւոթըրզՆազ Աթիքեան, Ջասիկ Ջարահեան եւ Սիլվա Փօլատեան
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) 22րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 22 Օգոստոսի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ, ներկայութեամբ առաւել քան 300 համակիրներու:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր հիմնարկի վարչութեան անդամ եւ երկարամեայ համակիրներէն Թալին Խաչատուրեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկայ համակիրներուն եւ պաշտօնատարներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորներուն։
Այնուհետեւ, տեսանիւթով մը իր պատգամը փոխանցեց քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ՝ դրուատելով հիմնարկին տարած աշխատանքը։
Իր կարգին, քոնկրեսական Մեքսին Ուոթըրզ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկին եւ անոր նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընին ու հիմնարկի կամաւորներուն, որոնք նուիրուած են կեանքեր փրկելու առաքելութեան եւ հիմնարկին «Տարուան կին»ը մրցանակը յանձնեց Պարսկաամերիկեան քաղցկեղի հիմնարկի հիմնադիր Հուրի Սետլըրին։
Օրհնութեան աղօթքը կատարեց եւ իր դրուատիքի խօսքը արտասանեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորքոմ եպս․ Տօնոյեանի խօսքը փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, որ յանուն առաջնորդին շնորհաւորեց հիմնարկի ներկայացուցիչները եւ քաջալերեց տարուած աշխատանքը ու ձեռք բերուած արդիւնքները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ ծրագիրներուն:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Աշճեան, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ հիմնարկին իրագործումները լուսարձակի տակ առնող տեսանիւթը։
Ձեռնարկին գլխաւոր պատգամը փոխանցեց տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, որմէ ետք մեծարուեցան կարգ մը անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք նեցուկ կանգնած են հիմնարկի առաքելութեան:
«Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հիմնարկի վարչութեան անդամ եւ երկարամեայ համակիր Ջասիկ Ջարահեանին, իսկ «Տարուան տղամարդը» մրցանակը՝ հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն, Ամերիկահայ բժշկական միջազգային ընկերակցութեան նախագահ եւ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան նախկին նախագահ տոքթ. Վիգէն Սէֆիլեանին։
«Տարուան կամաւոր» մրցանակները յանձնուեցան՝ Քարմէն Լուքասեանին եւ Արմէնիս Սինանեանին, իսկ «Տարուան Կազմակերպութիւնը» մրցանակները յանձնուեցան Ամերիկահայ հիւանդապահներու միութեան (զայն ստանձնեց Թագուհի Սարգիսեան) եւ Պոսթընի Հայ գործարարներու ցանցին։ Նաեւ, «Տարուան գործարարը» մրցանակը յանձնուեցաւ Արթուր Զենեանին (enBio-ի տնօրէն)։
Ներկաները նաեւ վայելեցին «Միսթըր Էքս»ի կատարումները:
Նշենք, որ 1999ին հիմնուած հիմնարկը ցարդ ունի առաւել քան 32,000 նուիրատուներ 44 երկիրներէ, եւ ցարդ կատարուած ոսկրածուծի պատուաստումներով կրցած է փրկել 36 հիւանդներու կեանքերը։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ www.abmdr.am կայքը։