Ա.- Երեքշաբթի, 24 Օգոստոսի յետմիջօրէին, առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հաստատութեան ատենապետ Վահիկ Ծատուրեանը, որ եկած էր սրբազան հօր զեկուցելու իրենց գործունէութեան մասին: Սրբազանը բարձր գնահատեց Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հաստատութեան ընդլայնուած աշխատանքը մեր գաղութի կեանքին մէջ, մասնաւորաբար հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան գծով։ Հանդիպման աւարտին Թորգոմ եպիսկոպոսը իր ամբողջական զօրակցութիւնը եւ օրհնութիւնը յայտնեց հաստատութեան ծրագիրներու յաջողութեան:

Բ. Նոյն օրը, յետմիջօրէին, առաջնորդ սրբազան հայրը Ազգային առաջնորդարանին մէջ նաեւ ընդունեց «Րաֆֆի» Ռումանահայ հայրենակցական եւ մշակութային միութեան ներկայացուցիչները, որոնք սրբազան հօր փոխանցեցին իրենց գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ եւ խնդրամատոյց եղան առաջնորդին, որ պաշտօնապէս այցելէ իրենց կեդրոնը: Անոնք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազան հօր եւ Ազգային առաջնորդարանին, իրենց մնայուն եւ օգտաշատ զօրակցութեան համար: Հանդիպման ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ գանձապահ դոկտ· Գալուստ Ակոբեան: