ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի օր 947ի իջած է գաւառին հիւանդանոցներուն մէջ դարմանուող` «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներու թիւնը, որ շաբաթ մը առաջ 1053ի հասած էր:
Նոյն օրը մահացան 14 վարակուածներ եւ արձանագրուեցան 1174 նոր վարակումներ:
Ցուցանիշներուն դրական այս տեղաշարժը գլծաւորաբար կը վերագրուի պատուաստումներու թիւի աճին:
Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին, համաճարակին սկզբէն ի վեր արձանագրուած են 1.4 միլիոն վարակումներ եւ աւելի քան 26,000 զոհեր:
Քալիֆորնիոյ մէջ ցարդ արձանագրուած են մօտաւորապէս 4.6 միլիոն վարակումներ եւ 68,789 զոհեր, իսկ Միացեալ Նահանգներու տարածքին` 43.7 միլիոն վարակումներ եւ աւելի քան 706,000 մահեր: