
ԵՐԵՒԱՆ.- ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը յայտարարեց «ԹՈՒՄՕ Հայաստան. 5 տարի` 50 միլիոն տոլար« նախաձեռնութեան մասին, որուն նպատակն է կեդրոնին առաջատար կրթութիւնը հասանելի դարձնել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր պատանիներուն:
Յառաջիկայ տարիներուն, կը նախատեսուի Հայաստանի մարզերու գլխաւոր քաղաքներուն մէջ հաստաել արդի արհետսգիտութեամբ յագեցած 16 ԹՈՒՄՕ կեդրոններ, իսկ փոքր համայնքներու մէջ 110 «ԹՈՒՄՕ տուփ»եր, որոնց միջոցով ծրագիրը հասանելի պիտի դառնայ 80 հազար պատանիներու:
Նախաձեռնութեան միացած է Եմէնիճեան ընտանիքը, նուիրելով 10 միլիոն տոլար, որ պիտի օգտագործուի Վանաձորի, Կապանի եւ Կողբի մէջ ԹՈՒՄՕ կեդրոններ կառուցելու, ինչպէս նաեւ անոնց եւ ներկայիս գործող ԹՈՒՄՕ կեդրոններուն հետ կապ ունեցող «ԹՈՒՄՕ տուփ»եր տեղադրելու համար:
Մնացեալ 40 միլիոն տոլարը հաւաքելու նպատակով՝ ԹՈՒՄՕն յայտարարեց միջազգային դրամահաւաք: ՀԲԸՄը եւ Էլի եւ Էլիզապեթա Աքիլեանները` իւրաքանչիւրը երաշխաւորած են կրկնապատկել արշաւի առաջին երկու տարիներու ընթացքին հաւաքուած 10ական միլիոն տոլարը:
ԹՈՒՄՕի 10ամեակին, Գիւմրիի մէջ վերակառուցուած կենդրոնի ներկայացման եւ մասնաւորապէս «ԹՈՒՄՕ Հայաստան» ծրագիրի մեկնարկին նուիրուած միջոցառումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, կառավարութեան անդամներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ Հայաստանի մէջ գործող միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ ԹՈՒՄՕի գործընկերներու մասնակցութեամբ: Միջոցառման ուղիղ տեսակապի միջոցով միացան ԹՈՒՄՕի հիմնադիրներ` Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները:
«Մեր առաքելութիւնն է հզօրացնել բոլոր հայ երիտասարդներին` իրենց կարողութիւնները լիարժէք օգտագործլու համար», ըսաւ Սեմ Սիմոնեան, աւելցնելով. «Հիմա մենք Հայաստանի եւ եւ Արցախի մէջ մեր նպատակն ամբողջութեամբ իրականացնելու ճամբուն վրայ ենք»: Միջոցառման տեսակապով միացաւ նաեւ Էլի Աքիլեան. ներկայ էր Արմէն Եմէնիճեան, իսկ Վազգէն Յակոբեան եւ Վերա Սեդրակեան ներկայացուցին ՀԲԸՄը: Ծրագիրը ներկայացուց ԹՈՒՄՕի տնօրէն Մարի Լու Փափազեաններ:
«Ընտանիքիս հպարտ է մաս կազմելու այս նախաձեռնութեան, որ համաշխարհային արհեստագիտական շուկային մէջ մրցունակ ըլլալու անհրաժեշտ գործիքներով պիտի զինէ հայ նոր սերունդը: Կը յուսանք, որ այս նախաձեռնութիւնը կը խրախուսէ Սփիւռքի մեր եղբայրները եւ քոյրերը, որ ներդրում կատարեն եւ աջակցին մեր երկրի ու տնտեսութեան ապագայ առաջնորդներուն«, նշեց Արմէն Եմէնիճեան:
«Մեզի համար պատիւ է սերտացնել կապը ԹՈՒՄՕի եւ ՀԲԸՄի, ուսանողներու եւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք կը միանան այս կարեւոր արշաւին», ըսաւ դոկտ. Էրիկ Իսրայէլեան` ՀԲԸՄի հոգաբարձուներու խորհրդի եւ տնօրէններու խորհուրդի կողմէ:
