
ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նոր Հարաւային Կալէսի նահանգի առաջին հայ վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեան յայտարարած է, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Ան հրաժարած է վնաս չհասցնելու համար նահանգի կառավարութեան բնականոն աշխատանքին, մինչ նահանգային Զեղծարարութեան գործերու անկախ յանձնախումբը իր նկատմամբ հետաքննութիւն կը կատարէ:
Շեշտելով, որ իր դէմ կատարուած ամբաստանուէթիւնները անհիմն են՝ ան ըսաւ հետեւեալը. «Չենք գիտեր, թէ Զեղծարաութեան գործերու անկախ յանձնախումբին որքա՛ն ժամանակ պէտք պիտի ըլլայ հետաքննութիւնը աւարտելու համար: Ես ցաւով կը յայտարարեմ, որ այլ ելք չունիմ, բացի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելէն»:
Ան յայտնեց, որ հրաժարականը ուժի մէջ պիտի մտնէ անմիջապէս որ նահանգի Ազատական կուսակցութիւնը կարենայ նոր ղեկավար մը ընտրել:
Ըստ տեղական պատկերասփիւռի կայանի տուեալներուն` յանձնախումբը կը քննէ, թէ Պերեճիքլեան նախկին երեսփոխան Տերըլ Մըկուայըրի հետ իր անձնական յարաբերութիւններով խախտա՞ծ է հանրութեան վստահութիւնը: Պերեճիքլեան Հոկտեմբեր 2020ին խոստովանած էր, որ երկար ժամանակ գաղտնի կապեր ունեցած է Մըկուայըրի հետ, որ կը հետապնդուի Չինաստանի քաղաքացիներու մուտքի արտօնագիրներ վաճառելու յանցանքով:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը յիշեցնէ, թէ Կլետիսը թոռնիկն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու: Ան վարչապետի պաշտօնին վրայ մնացած է 4.5 տարի եւ մեծապէս նպաստած է նահանգին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւերու վաւերացման ջանքերուն: Ան նաեւ տեղ գրաւած է Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին վրայ, որովհետեւ Նոր Հարաւային Կալէս նահանգէն քաղաքական պատուիրակութեան մը հետ ան Արցախ այցելած էր: Կլետիսը յաճախած է շրջանի Համազգայինի շաբաթօրեան եւ գործօն դէմք է Սիտնիի հայ համայնքին մէջ: