ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան հարցերու դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկայեւ «Զեզտա» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց, թէ ամերիկացիներուն Աֆղանիստանի մէջ ձգած զէնքերուն ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 85 միլիառ տոլարով:
«Անկեղծօրէն, 85 միլիառը թիւ մըն է, որ ուղղակի կը սարսափեցնէ: Մտածեցէք` 22 հազար զրահապատ մեքենայ, 358 հազար գնդացիր, 176 թնդանօթ, 8 հազար բեռնատար, փոխադրամիջոցային օդանաւեր, հարիւրէն աւելի ուղղաթիռներ», ըսաւ ան` պատասխանելով լրագրողի հարցումին:
Խօսելով Աֆղանիստանէն ամերիկեան բանակի հապճեպ հեռանալուն մասին` Շուկայեւ ըսաւ. «Աւելի վատ բեմագրութիւն դժուար էր երեւակայել»: