ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան ընդունեց Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) նախարարներու կոմիտէի ժողովրդավարութեան հարցերու բարձրաստիճան զեկուցողներու խումբ մը` պատուիրակութեան նախագահ, ԵԽի մօտ Շուէտի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Մարթին Էհնպերկի ղեկավարութեամբ:
Հանդիպումին մասնակցեցաւ Եւրոպական խորհուրդին մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Պարոյր Յովհաննիսեան:
Պատերազմական յանցանքներու ապացոյցները եւ խոշտանգումներու հիմնաւորումները Արման Թաթոյեան ներկայացուց՝ իրաւապաշտպան Սիրանոյշ Սահակեանի հետ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ներկայացուց Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2020ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու պատերազմական յանցագործութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի յարձակումներուն ընթացքին կը գործադրուէին անմարդկային եւ դաժան վերաբերմունք, գլխատումներ ու խոշտանգումներ՝ թէ՛ ռազմագերիներու եւ թէ քաղաքացի գերիներու նկատմամբ:
Արման Թաթոյեան ներկայացուց նաեւ ապացոյցներ, ըստ որոնց հայատեացութիւնը Ատրպէյճանի մէջ փակ շղթայի մէջ է` բարձրագոյն մակարդակէն մինչեւ ամէնէն ցածը։
Ան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստանի սահմանային բնակիչներու իրաւունքներու խախտման փաստերուն վերաբերեալ: Ըստ Թաթոյեանի՝ պետական սահմանին վերաբերող հարցերը պէտք է դիտարկուին մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէբ, որպէսզի անոնք երկրորդական չնկատուին եւ չսահմանափակուին այդ իրաւունքները պաշտպանելու պետութեան հնարաւորութիւնները:
«Ադրբեջանական զինուորականների անօրինական ներկայութիւնը ՀՀ ինքնիշխան տարածում, օրինակ` Սեւ լճում, անվտանգային լրջագոյն խնդիրներ է առաջացրել շրջակայ բնակավայրերի համար, քանի որ գտնւում են թիրախում, իսկ ադրբեջանական զինուորականները նաեւ արձակում են կրակոցներ: Դրանից բացի, մարդկանց մի մասը չի կարողանում զբաղուել անասնապահութեամբ, որն իրենց ընտանիքների եկամտի աղբիւրն է, իսկ Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերում խոշոր ու մանր եղջերաւոր կենդանիներին չեն կարողանում պահել արօտավայրերի մօտ առկայ անասնագոմերում, ջուր խմեցնել կամ արածեցնել առանձին վայրերում. վտանգուած է ջրային պաշարների հասանելիութիւնը ոչ միայն Սիւնիքի, այլ նաեւ Գեղարքունիքի մարզում: Աւելին, մի շարք գիւղեր զրկուած են ջրից», յայտնեց Թաթոյեան:
Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի հետ միայն սահմանազատումը` առանց անվտանգութեան գօտի ստեղծելու, առանց ատրպէյճանցի զինուորներու, անոնց ցուցանակներու ու տեսախցիկներու հեռացման, ոչ միայն չ՛ապահովեր Հայաստանի քաղաքացիներու եւ յատկապէս Հայաստանի սահմանային բնակիչներու իրաւունքները, այլ կը դառնայ իրաւունքներու նոր խախտումներու եւ նոր լարուածութեան պատճառ:
Հանդիպման ընթացքին Արման Թաթոյեան եւ Սիրանոյշ Սահակեան մանրամասնօրէն անդրադարձան նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձի հրատապութեան` նշելով, որ զանոնք «ահաբեկիչներ» կամ «ներթափանցողներ» ներկայացնելը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային պահանջները:
Սահակեան շեշտեց, որ հայկական կողմի բոլոր զինուորները եւ քաղաքացիները կարգավիճակով գերիներ են, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ վերադարձուին հայրենիք` առանց որեւէ քաղաքական կամ այլ նախապայմանի, իսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն արհեստական ձգձգումը կը քաղաքականացնէ գործընթացը` կոպտօրէն ոտնահարելով գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն իրաւունքները, անոնց պատճառելով տառապանքներ եւ յառաջացնելով լարուածութիւն հասարակութեան մէջ: