ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Նախանձոտ մարդը քուն չունի: Ասիկա բացարձակ ճշմարտութիւններու կարգին կ՛արժէ դասել, որովհետեւ ներքին տագնապը թոյլ չի՛ տար, որ նախանձ մարդուն միտքը հանգստանայ: Ան իր քնացած ժամանակ ալ կը մտածէ այն անձին մասին, որուն ունեցած յաջողութիւնները կը տառապեցնեն զինք ու կը մատնեն մտատանջութեան: Արդեօք անոր տեսած տառապագին երազները ե՞ւս նախանձի հետեւանք չեն:
Նախանձը պարտութեան զգացում մըն է, եթէ ուզենք պատկերաւոր սահմանում մը տալ սոյն երեւոյթին: Ամբողջ կեանքը բաղդատականով անցընող եւ ուրիշներու հետ համեմատող մարդն է նախանձոտ մարդը: Երկրորդ, իր եղածով եւ ունեցածով չբաւարարուող մարդն է նախանձոտը, որ դրական յառաջդիմութեան ընձեռած բազմաթիւ առիթները կը փոխանակէ համեմատական աշխատանքի հետ, բառին բուն իմաստով ժամավաճառ ըլլալով: Դրական գործունէութեան համար երկնատուր ժամանակի թշնամին է անիկա, որ նաեւ ժամանակասպան կարելի է անուանել: Որքա՞ն է մեր կեանքի տեւողութիւնը, որ զայն վատնենք բաղդատականի համար: Մարդիկ հազիւ ծնած ու գիտակցութեան եկած, շուտով կը զգան, որ իրենց տրամադրուած կեանքին հիմնական բաժինը ապրեր են արդէն: Իմացապէս կամ նիւթապէս արտադրութիւն ունենալու կամ արդիւնաբեր կեանք ստեղծելու ժամանակաշրջանը շատ կարճ է: Ուսումն ու դաստիարակութիւնը, կազմաւորումն ու ծրագրաւորումը արդէն առիւծը բաժինը կը խլեն մարդէն, անոր թողելով հազիւ քսանհինգ կամ երեսուն խտացեալ տարիներ «իր ընելիքը ընելու», այլ խօսքով ինքզինք իրագործելու համար:
Երիտասարդական գարունը նոր աւարտած, մարդ իր ոտքերուն վրայ հաստատուն կեցուածքով կը կանգնի, որուն այնպէս կը թուի, թէ հրաշքներ կրնայ գործել: Լաւատես եւ պայծառ աչքերով երիտասարդին ինչ աշխատանք ալ առաջարկուի, աներկբայ մօտեցումով կ՛ընդառաջէ ան, իր ուժերուն նկատմամբ ունեցած բացարձակ ինքնավստահութեամբ: Սակայն, բոլոր երիտասարդները չեն որ կը յաջողին, նոյնիսկ բոլորն ալ ինքնավստահութեամբ ընդառաջած ըլլան եղած առաջարկներուն: Յաջողակները իրենց ճամբան կը գտնեն ու կը սկսին կեանքի աստիճաններէն արագօրէն բարձրանալ, իսկ ձախողակները, երբեմն մեծ ոստումներով անդունդ կը գլորուին, իրենց չար բախտին վրայ բարդելով յանցանքը: Որքան ալ մեր բերանին մէջ լղորճենք այս շատ հաճելի «բախտ» բառը, ներքնապէս պիտի չհամոզուինք, որ անիկա գոյութիւն ունի կամ կրնայ մեր կամքէն անկախաբար ազդել մեր կեանքին:
Զուգադիպութիւններ կան, ճիշդ է, սակայն երկինքէն մեր գլխուն ինկած կարմիր խնձորին նման բախտի գոյութեան հաւատալը ծիծաղելի է: Այդ պիտի նմանէր հեքիաթներու մէջ պատմուած արքունի աղաւնիին, զոր աւագանին պալատին պատուհանէն կ՛արձակէ նոր թագաւորի ընտրութեան համար, եւ այն մարդուն գլխուն կամ ուսին վրայ որ նստի աղաւնին, յաջորդ թագաւորը ան կ՛ըլլայ: Նման երազային իրավիճակներու հաւատացողներ մինչեւ այսօր ալ գոյութիւն ունին մեր մէջ, առանց գիտակցելու, որ իւրաքանչիւր մարդ իր ներկայ իրավիճակին հիմնական պատասխանատուն է: Ճիշդ ժամանակին առնուած քայլ մը, ճիշդ մարդոց հետ ընկերութիւն ընելու իմաստութիւնը, ճիշդ հաշիւով ծրագիրներ մշակելու հեռանկարները եւ մանաւանդ պարկեշտութեամբ հովանաւորուած վստահելիութիւնը ճակատագրական դեր կ՛ունենան մարդու յաջողութեան մէջ:
Յաջողութիւնը աստիճանի նմանցուցինք, որովհետեւ իսկապէս աստիճանական բարձրացումն մըն է անիկա: Գիշերը քնանալով, առաւօտուն յաջողութիւն ունենալու մասին տրուած զրոյցներուն շատ հաւատք ընծայելը միամտութիւն է: Յաջողութիւնը միշտ աստիճանական զարգացում ունի, տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է, այլապէս ձրի շահուած դրամը, ձրիաբար ալ կը մսխուի, թշուառութեան մատնելով զայն պատահաբար ձեռք ձգած մարդը, ինչպէս բախտախաղէն հարստացած բախտախնդիր մը:
Մարդոց աստիճական բարձրացման հետեւողները բոլորն ալ բարի մարդիկ չեն ըլլար: Անոնց մէջ կան այնպիսիներ, որոնց սիրտը կ՛արիւնի, երբ իրենց ծանօթ անձ մը մէկ սանդղամատ իսկ բարձրանայ, կամ նոյնիսկ փորձէ քայլ մը նետել դէպի յաջորդ` վերի աստիճանը: «Տեսէք ո՜ւր հասեր է…»: Վստահաբար լսած կ՛ըլլաք սոյն «ցաւալի» արտայայտութիւնը, զոր նախանձոտ մարդոց հոգիէն դուրս կը թռի յանկարծական պոռթկումով, այն յաջողակ մարդուն համար, որմէ լուր չէին ունեցած երկար ատենէ ի վեր: Ի դէպ, յաջողակը, որ աստիճական բարձրացումով հասեր էր հոն, ուր հասեր է, որուն բարձրութիւնը նախանձը գրգռեր էր վաղուց իրմէ լուր չունեցողին: Սակայն, վերջինիս այնպէս թուացեր էր, որ մեծ ոստումներով «տեղ հասեր էր» իրեն ծանօթ մարդը:
Նախանձի զգացումը եւս աստիճանական զօրութեամբ կ՛աւելնայ, հետեւելով յաջողակ մարդու աստիճանական բարձրացումներուն: Նախանձոտ մարդուն համար ցաւալի ճանապարհորդութիւն մը կը սկսի այս առումով, երբ իր գլխաւոր գործը կը դարձնէ անոր աստիճանական յաջողութեանց հետապնդումը, միաժամանակ իրեն համար կարեւոր «առաքելութեան» վերածելով, զայն ձախողեցնելու հնարքներու գործադրումը:
Չենք պնդեր անպայման, որ նման չարամիտ մարդիկ միշտ կը ձախողին իրենց այս «առաքելութեան» մէջ: Երբեմն կը պատահի, որ անոնք իրենց արբանեակներով կը յաջողին բազմատեսակ ծուղակներ լարել եւ շփոթի մատնելով տապալել յաջողութեան աստիճաններէն խաղաղօրէն բարձրացող մարդը: Պատահած է նաեւ, որ տապալելով վար ինկած մարդը անզօր մնացած, աստուածային դատաստանին ապաւինած է, վստահ ըլլալով, որ անկէ փախուստ պիտի չունենայ զինք տապալող թշուառականը:
Նախանձի զգացումը ունի նաեւ իր քունի ժամանակը: Ոմանք կրնան հակասական միտք տեսնել այս հաստատումին մէջ, որովհետեւ սոյն գրութեան սկիզբը ըսինք, որ նախանձոտ մարդը քուն չունենար: Այո, նախաձոտը քուն չունի, սակայն նախանձը քունի ժամանակ մը ունի…:
Յաջողութիւններու աստիճանական բարձրացումը նախանձ կը գրգռէ, այո՛, եւ աստիճանական զարգացում կու տայ անոր, մինչեւ իսկ կրնայ նախանձոտը ոճիր գործելու առաջնորդել: Սակայն, նախանձը կը տկարանայ, կը թուլնայ, եւ նոյնիսկ քունի կը մտնէ, երբ նախանձոտ մարդը նշմարէ, որ իր թիրախը վերոյիշեալ աստիճաններէն վար կ՛իջնէ…:
Յաջողակ մարդիկ երբեմն ձախորդութիւններու կը հանդիպին: Պատահած է, որ իրենց երկրին մէջ պատերազմ մը ծայր առած է յանկարծ, կամ անսպասելի պարտքերու տակ թաղուելով, սնանկութեան դուռը հասած են անոնք: Աստիճանական այս անկումը, որ բարձունքի վրայ գտնուող մարդոց պարագային աւելի շուտ կը տարաձայնուի, նախանձի քունի ժամանակը կը համարուի: Նախանձոտ մարդուն զգացած ներքին բաւարարութեան տրուած մէկ այլ արտայայտութիւն է այս, որ բառին բուն իմաստով կը հանգստացնէ նախանձոտ մարդուն միտքը:
Նախանձը կը քնանայ, այո՛, սակայն այնքան թեթեւ է անոր քունը, որ կարելի է զայն նմանցնել պահապան շան քունին, որուն քունը մանուկներու աչքխփուկի խաղին նման է` կոպերու կեղծ հպումով: Նախանձը որքան ալ քնանայ պահուան մը համար, սակայն նախանձոտ մարդը քուն չունի: