
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան»․- Ատրպէյճանական բանակը ռազմափորձեր կը կատարէ Արցախի Քաշաթաղ շրջանին մէջ, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք բռնագրաւուած էր Պաքուի կողմէ:
Ինչպէս յայտնի է, այդ տարածքէն կ՛անցնի Բերձորի (Լաչին) միջանցքը, որ Հայաստանը կը կապէ Արցախին:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը՝ կը հաղորդեն, որ հրամանատարներու եւ սպայակոյտի ռազմափորձերը կը կատարուին կապի եւ կողմնորոշման զանազան միջոցներու լայնածաւալ կիրարկումով:
«Ռազմափորձերուն ընթացքին կը քննուի ցամաքային զօրքերու եւ զօրքերու տեսակներու փոխադարձ գործակցութիւնը` կառավարման ժամանակակից գործելաոճերու կիրարկումով», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբերին, Բերձորի մօտ, թուրք-ատրպէյճանական միացեալ ռազմափորձեր տեղի ունեցած էին: