
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վեր. Հենրիկ Շահնազարեան 1 Հոկտեմբերէն ի վեր ժամանակաւորապէս ստանձնած է Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
Անոր նշանակումը Յունիսին միաձայնութեամբ հաստատուած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան վարչութեան կողմէ եւ պէտք է հաստատուի Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան Ընդհանուր ժողովին կողմէ, որ երկու տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենայ: Յաջորդ Ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի Յունիս 2022ին, Շիքակոյի մէջ:
Այս առիթով, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները իրենց նստավայրին մէջ հանդիպում մը ունեցան վեր. Շահնազարեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Պերճ Ճամպազեանի հետ, քննարկելով հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կարեւոր դերը համայնքին մէջ։ Քննութեան առարկայ դարձան նաեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի հայութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Վերապատուելիները դիմաւորած ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Քարմէն Օհանեանի կողքին էին Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահան Պզտիկեան եւ համայնքային կազմակերպութիւններու հետ Կեդրոնական կոմիտէի կապը հանդիսացող Աւետիք Իզմիրլեան։

«Վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի հետ գործակցելով պիտի կարենանք Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւնները սերտացնել։ Մեր համայնքը բախտաւոր է, որ վեր. Ճամպազեանի նման ղեկավարի մը սպասարկութիւները վայելեց։ Ան աննկուն կերպով աշխատեցաւ Հայկական Հարցին եւ միջհամայնքային կապերը սերտացնելուն ի նպաստ», յայտնեց դոկտ. Օհանեան։
Թեհրան ծնած վեր. Շահնազարեան 2000ին պատուելի օծուած է եւ մասնագիտացած է հոգեբանութեան ու աստուածաբանութեան մէջ, յաջորդաբար Թեհրանի «Թապաթապայի» համալսարանին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան վարժարանին մէջ։ Իրանի մէջ պատասխանատու պաշտօններ վարելէ եւ դասաւանդելէ ետք, ան Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է։ 2020ին ընտրուած է Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան համադրող եւ վերջերս ստնձնած էր Լոս Անճելըսի Հայ Միացեալ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւի օգնականի պաշտօնը։