Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) հովանիին տակ գործող նորակազմ «Աստուածաբանական եւ Միջեկեղեցական Յանձնախումբ»ի առցանց անդրանիկ ժողովը: Յանձնախումբի կազմութեան նպատակն է՝ հաւաքական կերպով քննել Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւած աստուածաբանական եւ միջեկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցերը: Սակայն, նկատի ունենալով եկեղեցիներուն ապրած ընկերային դժուարութիւնները, յանձնախումբը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց ընկերահարցերուն վրայ:
Ժողովին նախագահեց ՄԱԵԽի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ալ-Ապս:
12 ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբի առցանց հանդիպումին ներկայ էին 10 եկեղեցիներու ներկայացուցիչները (Աղեքսանդրիոյ յոյն ուղղափառ, հայ ուղղափառ, ասորի ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, աւետարանական, ասորի կաթողիկէ, լուտերական, Անտիոքի յոյն ուղղափառ, ղպտի ուղղափառ եւ քաղդէական): Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Սարգիս աբղ. Աբրահամեան: