ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան հրաւէրով Քալիֆորնիա այցելող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան Ուրբաթ օր, ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ։
Արցախի յետ-պատերազմական վիճակին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդելէ ետք, Բեգլարեան արտայայտուեցաւ Արցախի ապահովութիւնը երախշաւորելու, արցախցիներուն աջակցելու եւ երկրին տնտեսութիւնը վերականգնելու գծով Ստեփանակերտի ակնկալիքներուն մասին։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն դարձեալ շեշտեց, թէ շրջանի հայութիւնը կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Արցախին եւ անոր կարիքները հոգալու ջանքերուն՝ խոստանալով գործնականապէս նպաստել Արցախի պետական հիմքերը ամպրապնդելու եւ տեղահանուած արցախցիներուն ապահով վերդարձը երաշխաւորելու աշխատանքներուն։
Տեղի ունեցած մանրամասն խորհրդակցութիւննեերուն իբրեւ արդիւնք՝ Կեդրոնական կոմիտէն խոստացաւ վերոնշեալ նպատակներով, պետական նախարարին հետ համակարգել իր քայլերը եւ անոնց մաս դարձնել համայնքի զանզան կազմակերպութիւնները։
Բեգլարեանի հետ հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ տոքթ. Քարմէն Օհանեան եւ անդամներ՝ Սագօ Պէրպէրեան, Վահան Պզտիկեան, Արթօ Քէօլէեան եւ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, ինչպէս նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններուն մօտ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան։