ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող եւ միջեկեղեցական աշխարհին մէջ իր կարեւոր խօսքը ունեցող «Unite des Chretiens» շաբաթաթերթին հետ Արամ Ա. կաթողիկոսը վերջերս Ֆրանսերէնով հարցազրոյց մը ունեցաւ:
Արդարեւ, միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ իրավիճակը պարզող հարցումներուն պատասխանելով՝ կաթողիկոսը յիշեցուց, թէ միջեկեղեցական շարժումը վերջին տասնամեակին սկսած է նահանջ արձանագրել. երեւոյթ մը, որ հետեւանքն է համաշխարհայնացման ստեղծած նոր մտահոգութիւններուն, մօտեցումներուն ու առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներուն մօտ յառաջացած ինքնակեդրոն գործելակերպերուն: Այս կացութեան դիմաց վեհափառը առաջարկեց միջեկեղեցական կառոյցներու, օրակարգերու եւ առաջնահերթութիւններու վերատեսութեան հրամայականը:
Արամ Ա. հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, թէ միջեկեղեցական շարժումը պէտք չէ կառոյցներու եւ ծրագիրներու մէջ խեղդել: Շարժումը պէտք է անդրանցնի հաստատութենական եւ ծրագրային սահմանափակումները, այլապէս անիկա կը կորսնցնէ իր իւրայատուկ նկարագիրը եւ նպատակը: Հայրապետը Անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Հարցազրոյցին ընթացքին Արամ Ա. նաեւ խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին՝ ընդգծելով անոր ժողովրդակեդրոն կառոյցը եւ դերը: