ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վեջին մէկ տարուան ընթացքին, Արցախի պատերազմի վերապրողներուն, գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վկայութիւնները հաւաքելու աշխատանքին նախաձեռնած Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոնը որոշած է իր տարեկան առաջին ձեռնարկին ընթացքին մեծարել Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը:
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ տեղկութիւններ պիտի տրուին կազմակերպութեան գործունէութեան մասին եւ մասնակցողները պիտի ունկնդրեն վկայութիւններէն հատուածներ։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6։30էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Աթինա» ճաշարանին մէջ (933 N. Brand Blvd., Glendale, CA 91202)։ Մասնակցութեան սակը 300 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար դիմել info@cftjustice.org հասցէին, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։