ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 4 Նոյեմբերէն մինչեւ 1 Դեկտեմբեր ներառեալ, Ստեփանակերտի եւ Արցախի կարգ մը այլ քաղաքային համայնքներու մէջ կրակմար պիտի հաստատուի՝ «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կը յայտնեն Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այս որոշումը տրուած է նկատի ունենալով, որ վերջին ամսուան ընթացքին Արցախի մէջ մեծապէս աւելցած է համաճարակի տարածումը՝ զայն կանխելու համար անհրաժեշտ քայլերու որդեգրումը հրամայական դարձնելով։
Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ 2 Նոյեմբերին Արցախի մէջ կատարուած են 242 քննութիւններ, որոնց արդիւնքներէն ի յայտ եկած է, որ կան 102 նոր պարագաներ, արձանագրուած է նաեւ մահուան պարագայ մը։ Ներկայիս բուժման կ՛ենթարկուին 180 անձեր, որոնց 85ը շատ ծանր վիճակի մէջ են. անոնց մէջ կան նաեւ երիտասարդներ։
Արցախի մէջ 2021ին կատարուած են «Քորոնա» ժահրի 17,343 քննութիւններ, 2273ին արդիւնքը դրական եղած է։