
(Ծնեալ՝ 22 Յունիս 1940ին, Պասրա, Իրաք)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Վարանդ Սօսիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, Կլենտէյլի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Վեհանուշ (Պապայեան) Սօսիկեան
Զաւակը՝ Մասիս եւ Պեվըրլի Սօսիկեան եւ դուստրը
Դուստրը՝ Լուսի եւ Արիս Կարապետ եւ զաւակները
Զաւակը՝ Աստուր Սօսիկեան
Եղբայրը՝ Վարդգէս Սօսիկեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Վանուհի եւ Սեւակ Օհաննէսեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Մայքըլ եւ Արտա Սօսիկեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Սիլվա Սօսիկեան
Եւ համայն Սօսիկեան, Պապայեան, Կարապետ, Ուկալտէ, Պօղոսեան, Քարիմեան եւ Սարգիսեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Anoush Banquet Hall սրահին մէջ, 1320 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91201։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, Պըրպենք։
ՎԱՐԱՆԴ ՍՕՍԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Զաւարեան« կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ իրենց ընկերներէն Մայքըլ Սօսիկեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՍՕՍԻԿԵԱՆի՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախկին հոգաբարձական կազմի անդամին, մահուան տխուր առիթով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, տիկնանց միութիւնը եւ յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ Վեհանուշ Սօսիկեանին, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն: Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը: