ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գովեստը ճոխացնելու ձեւերէն մէկն է ածականներու օգտագործումը: Բարի եւ դրական գործ մը կատարած մարդոց հանդէպ յարգանքի չափն ալ իր սահմանները ունի, այլապէս ծիծաղի առարկայ կը դարձնէ անոնք, որոնց կատարած գործերը դարերու երկայնքին պէտք է յիշուին, իբրեւ անկիւնադարձային դէպքեր:
Վստահաբար ներկայ գտնուած էք հանդէսներու, պարգեւատրման հաւաքոյթներու կամ աւելի բարձր`շքանշանի տուչութեան արարողութիւններու: Արժանաւորներն ու անարժանները զատորոշելը մեր իրաւունքէն վեր կը նկատենք եւ հեռու կը մնանք այդ նիւթի արծարծումէն: Վստահաբար գնահատողներն ու պարգեւատրում կատարողները գիտեն իրենց կատարած գործը եւ իրենց կատարածին պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն անպայման: Ուրեմն, մեզի կը մնայ շնորհաւորել պարգեւատրուողներն ու գնահատուողները, ինչ չափի կամ ինչ տարողութեան գնահատելի գործ որ կատարած ըլլան անոնք: Միւս կողմէ նաեւ պարտք կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնելու անոնց, որոնք միշտ ուշադիր են գնահատուելու եւ պարգեւատրուելու արժանի անձերու նկատմամբ: Շատ են վաստակաշատ եւ իրապէս բարերար անձերը, որոնք ունին լուռ գործելու ունակութիւն, որուն հետեւանքով չեն երեւիր, մանաւանդ չեն ալ սիրեր հրապարակաւ գնահատուիլ:
Վերոյիշեալ միտքը` հրապարակաւ գնահատուիլ չսիրելու գաղափարը, կ՛ուզենք բացատրել, որովհետեւ աշխարհի վրայ չկայ մարդ, որ չսիրէ գնահատուիլ: Մարդկային «թերութիւններուն» մաս կը կազմէ ասիկա: Ամէն մարդ ալ կը սիրէ նկատուիլ եւ գնահատուիլ: Ամէնէն փոքր երեխայէն սկսեալ մինչեւ տարեց մարդիկ, կը սիրեն գնահատուիլ սոյն բառին ամէնէն պարզ ու ընդարձակ իմաստով: Ուրեմն, գնահատուելու զգացումը ամէնէն բնական «թերութիւնն» է մարդ էակին:
Սոյն գրութեան նպատակը, սակայն, վերոյիշեալ երեւոյթին, այսինքն՝ կը վերաբերի գնահատման հետ առնչութիւն ունեցող մանրամասնութեան մը, որ ածականներու ճոխացումով, ենթական հրապարակաւ վնասելու անգիտակից արարքն է:
Մեզմէ շատեր, յատկապէս իրենց դիրքին կամ պաշտօնին բերումով ուրիշները գնահատելու պարտաւորութեան ընթացքին չեն անդրադառնար, որ անձ մը մեծարելու պահուն, կը վնասեն անոր ապահովութեան: Անոնց միտքին մէջ մեկնակէտը դրական է եւ անշուշտ բարի նպատակ կը հետապնդէ: Սակայն, գաղափարը ճամբայ ելլելէ ետք, յանկարծ ճամբուն ընթացքին կը շեղի իր նպատակէն, սխալ ուղղութեան առաջնորդելով գնահատողը:
Մէկը կրնայ հարց տալ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ուղիղ ճամբու մէջ քալողը սայթաքիլ: Հաստատամիտ եւ բարձր բարոյականի տէր մարդոց համար եղած սոյն արտայայտութիւնը ճիշդ է եւ արդար: Սակայն, կեանքի պարագաները, ընկերական շրջապատը եւ այլ ազդեցութիւններ կրնան որոշ փոփոխութիւններ յառաջացնել ոմանց կեանքին մէջ:
Գնահատողին կողմէ կատարուած չափազանցութիւնը եւս ունի իր պատճառները: Ընդհանրական կարծիքը այն է, որ գնահատողը հաւանաբար նոր ակնկալութիւն մը ունի գնահատուողէն, որուն համար կը շռայլէ ածականները: Ոմանք այն կարծիքին են, որ պահուան ազդեցութեան տակ գնահատողը կը կորսնցնէ իր լեզուին հաւասարակշռութիւնը, այդ պատճառով անոր մտածումներուն թռիչքը նոր թափ կը ստանայ, մեծաքանակ ածականներ թափելով գնահատուողին գլուխն ի վար:
Հակառակ չենք երկու կարծիքներուն ալ, որովհետեւ մեր երգիծական գրականութեան էջերուն տեղ գրաւած «Աբիսողոմ աղա»ն ոսկեայ օրինակ մըն է գնահատուելու ցանկութեամբ եռացող միամիտ մարդու մը, որուն բոլոր «բարեմասնութիւնները» պէտք է երեւէին յաջորդ օրուան լրագիրին մէջ, իր հարստութիւնը արտայայտող զանազան ձեւերով:
Գնահատողին բերանին մէջ դրական ածականներուն առատութիւնը վայրկեանական աճ կրնայ արձանագրել եւ քանի մը վայրկեան ետք ալ կրնայ խամրիլ, հետք չթողելու չափ: Սակայն, գնահատուողին սիրտին ու հոգւոյն մէջ այնքան խոր հետքեր կը թողու այս, որ տասնամեակներ ետք, ան կրնայ բառ առ բառ զանոնք յիշեցնել զինք գնահատող անձին:
Դրական ածականներու չափազանց առատ գործածութիւնը, գնահատման կամ պարգեւատրման ընթացքին ունի նաեւ ժխտական ծածուկ հետեւանք մը, որ ընդհանրապէս կը վրիպի թէ՛ գնահատողին եւ թէ գնահատուողին ուշադրութենէն: Երկրորդը, որ այդ պահուն կրնայ անրջական երանութեան պահեր ապրիլ եւ բնա՛ւ չանդրադառնալ, թէ ի՛նչ ժխտական հետք կրնայ մնալ սոյն գնահատականէն, հասկնալի է: Սակայն գնահատողն ալ, նոյնպէս, այդ պահուն չի կրնար անդրադառնալ, թէ իր գործածած առատ ածականները ի՛նչ հետեւանք կրնան ունենալ գնահատուողին ապագայ կեանքին համար:
Ածականներու առատ գործածութիւնը եթէ մէկ կողմէ կը նուազեցնէ գնահատուող մարդուն կատարած գործին արժէքը, միւս կողմէ, աւելին գնահատուող մարդուն շրջապատին մէջ թշնամիներու ծնունդ կու տայ: Մինչեւ այդ պահը լուռ ու մունջ իր աշխատանքը կատարած եւ իր անտեսանելի օժանդակութիւններով աներեւոյթ ներկայութիւն եղած բարերարը յանկարծ լուսարձակի տակ գալով՝ երբ փայլի, անոր շուրջ ի յայտ կու գայ նախանձողներու վոհմակ մը, որ շուտով կը զգենու թշնամիի տարազ:
Մեր թշնամիները իրենց վատ աշխատանքին համար միատեսակ գործելակերպ չունին: Կան թշնամիներ, որոնք օր ցերեկով կը կատարեն իրենց գործը, ուրիշներ ծածուկ` մութին մէջ, երրորդ տեսակ մը` այլ մարդոց ձեռքով, մինչ իրենք` քուլիսներու ետին, եւ այլն:
Չափազանց մեծահարուստներու կատարած բարերարութիւններուն անանուն մնալը, ինքնին պէտք է ցարդ ուղեցոյց ըլլար շատերուն: Սակայն, միշտ ալ գնահատուելու բուռն ցանկութիւնը յաղթական դուրս եկած է այս պայքարէն: Վստահաբար դուք ալ նկատած էք յուզումնախառն այն պահերը, երբ գնահատուելու համար բեմ հրաւիրուող անձը թաշկինակը աչքերուն տանելով սրբած է իր յանկարծական ուրախութեան արցունքները: Մարդու ջղային դրութիւնը, անոր զգացական աշխարհին հետ ունի անմիջական առնչութիւն, որուն հետեւանքով անդրադարձ շարժման ենթակայ է միշտ:
Իրենց կատարած բարի աշխատանքին մասին դրական ածականներ լսող եւ նոյն պահուն իրենց սիրտը փքացնող բարի մարդիկ երբեմն նոյնիսկ անտեղեակ կ՛ըլլան, որ նոյն պահուն իրենց շրջապատին մէջ սունկի նման թշնամիներ կը ծլին: Այս վերջինները ապերախտ եւ փոքրոգի ըլլալով՝ նոյն պահուն իսկ, ներքնապէս համոզում կը գոյացնեն թշնամանալու գնահատուող մարդոց:
Դրական ածականներու հաւասարակշռութիւնը բարերար դեր կը կատարէ ո՛չ միայն գնահատողին չափաւորական ըլլալը բացայայտելու առումով, այլեւ կը փրկէ գնահատուողը` թշնամիներ ունենալու վտանգէն: