
Զ.
Տասը տարիներ առաջ, 2011ին, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ ծնունդ առած «Մշակութային մարմինը» հետագային կոչուեցաւ «Զուարթնոց»: «(անոր) Գլխաւոր առաքելութիւնը եղաւ, բազմատեսակ ծրագիրներով սատարել հայոց լեզուի, գրականութեան, մշակոյթի եւ տոհմիկ աւանդութիւններու պահպանման, ինչպէս նաեւ ամրապնդել այն հաւատքը, թէ հայրենիքն է անխախտ կռուանն ու փարոսը սփիւռքահայութեան», յայտագիրի գրքոյկին մէջ կը նշէ «Զուարթնոց»ի ատենապետ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան։
Տասնամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Նոյեմբերի երեկոյեան, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ։ Ներկայ էին մեծ թիւով հայերէնի նախկին թէ ներկայիս գործող ուսուցիչներ, որոնք յատկապէս հրաւիրուած էին կազմակերպիչ մարմինին կողմէ՝ իբրեւ օրուան մեծարեալներ։ Արդարեւ, գեղեցիկ եւ օրինակելի քայլ մը, որուն արժանի են բոլո՛ր հայ դասատուները եւ տնօրէնները, բայց յատկապէս հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, կրօնքի, երաժշտութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
Իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած էր Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտական բաժինի պատասխանատու փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանը։ Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ տիկինը։
Տոքթ. Սիմոնեան բացման իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց մշակոյթի, յատկապէս հայ մշակոյթի դերը հազարամեայ հայրենիքի մէջ թէ անկէ դուրս՝ արտասահմանի մէջ:
Յարգելի բանախօսը՝ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, հայերէնով եւ անգլերէնով խօսելով՝ կարեւոր նկատեց մշակոյթի դերը հայ կեանքին մէջ, այբուբենն ու Մեսրոպ Մաշտոցը սեպելով «զէնք եւ վահան»։ Փրոֆեսէօրը անդրադարձաւ հայերէնի հնդեւրոպական լեզուաճիւղին եւ ըսաւ, թէ հայկական մշակոյթը ունի ստեղծագործ ոգի մը։ Ան ըսաւ, թէ հպարտ ենք մեր մշակոյթով եւ առաջարկեց, որ լեզուն նոր ձեւերով մօտեցնենք նոր սերունդին եւ շարունակենք ստեղծագործել։ «Թող հայ մշակոյթը հազար տարի ե՛ւս ապրի», հռետորական ոճով եզրափակեց ան։
Հայր Տաճատ ԵարտըմեանՓրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան։ Ան բարձրօրէն գնահատեց «Զուարթնոց» մշակութային մարմինին ստեղծման ջանքը եւ ճիգը ու անդրադարձաւ«մշակութային դիւանագիտութեան» հզօր ազդակին։
Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխ էր եւ բազմատեսակ։ Աշակերտուհիներ Լորիկ Արթինեան (Sound of Children) եւ Էլեն Վարդանեան (Blair High School) հանդէս եկան բանաստեղծութիւններով, UCLA-ի ուսանողուհիներ Ալեքսանդրա եւ Լիլիա Եարալեան քոյրեր՝ զուգերգ եւ նուագ քանոնի վրայ, Ռուբէն Յարութիւնեան՝ դուդուկ, Մերուժան Մարգարեան՝ ջութակ, ինչպէս նաեւ ազգագրական պարերով խանդավառեց Վարդան եւ Արմինէ Աղաջանեաններու «Զուարթնոց» պարախումբը։
Հանդիսութեան աւարտին, Լոս Անճելըսի մէջ գործող զանազան ամէնօրեայ ու շաբաթօրեայ դպրոցներու նախկին թէ ներկայիս գործող հայերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհիներ եւ ուսուցիչներ պատուըւեցան Առաջնորդարանին եւ «Զուարթնոց» մշակութային մարմինին կողմէ՝ իրենց «մատուցած երկար տարիներու հայոց լեզուի ուսուցման բարեբաստիկ առիթով»։ Այդ պատիւին արժանացան նախկին ուսուցիչներ՝ դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Նազիկ Գոճայեան, Գէորգ Պետիկեան, դոկտ. Էլլի Անդրէասեան, Լուիզա Իւթիւճեան, Աշխէն Իսբէնճեան, Հերմինէ Սահակեան, Արփի Արսլանեան, Մէյրի Պոյաճեան, Լինա Արսլանեան, Էմմա Ումրոյեան, ինչպէս նաեւ Տաթեւ Կարապետեան, Արաքս Գումրուեան, Անահիտ Դաւթեան, Ռուզան Բաղդասարեան, Յովհաննէս սրկ. Գումրուեան, Սեդա Աբաջեան, Մարալ Դաւիթեան, Անի Մարսէլեան, Բէկի Ճինպաշեան, Ցոլին Գէորգեան, Լիզա Մանոյեան, Լուսի Մէնէշեան, Ազնիւ Սարայտարեան, Սոնա Պատալեան, Լենա Էքմէքճեան, Մայտա Պապումեան, Նորայր Տատուրեան, Լինտա Գանտիլեան, Նորա Պուլտուքեան, Մարօ Գույումճեան, Հրաչ Սեփեթճեան, Քնար Պօղոսեան, Թագուշ Նալպանտեան, Աննա Եարալեան եւ Մարալ Ոսկեան։ Գնահատագիրերուն կողքին մեծարեալները ստացան առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն օրինակներ եւ զոյգ մը վարդ՝ իբրեւ խորհրդանիշ տասնամեակներու քրտնաջան վաստակի։
Առաջնորդին խօսքը արտասանեց հայր Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, ի բացակայութեան Յովնան արքեպիսկոպոսի, որ կը շնորհաւորէր «Զուարթնոց» մարմինի տասնամեակը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։ Հայր Տաճատը անդրադարձաւ մշակոյթը պահելու դժուարութիւններուն, քաջալերեց հայերէնախօսութիւնը եւ շեշտեց «ուսուցչական ասպարէզը հրապուրիչ դարձնելու հրամայականը»։ Ան ներկաներուն յանձնեց երկու բառ՝ «ինքնաքննութիւն եւ վերարժեւորում», որոնց մէջ խտացած կը տեսնենք մեր երէկը, այսօրն ու վաղը։
Այս առիթով պատրաստուած յայտագիր-գրքոյկը կը ներկայացնէր «Զուարթնոց»ի տասնամեայ գործունէութիւնը (առաւել քան 25 ձեռնարկներ) լուսանկարներով ճոխացած։ Այս հանդիսութեան գլխաւոր հովանաւորն էր Սիպիլ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ իրենց լուման բերած էին դոկտ. Մարալ Տէպաղեան Անճառկոլեան եւ տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Ռամելա Սերոբեաններ։
Կը շնորհաւորենք Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային մարմինի բոլոր անդամները՝ գլխաւորութեամբ անոր մշակութասէր ատենապետին՝ տոքթ. Սիմոնեանին։
Անտարակոյս, բաց մը լրացնելու միտող ձեր տասնամեայ աշխատանքը տուած է իր պտուղը։ Բարի երթ դէպի երկրորդ տասնամեակ։