
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Հայաստանի մէջ ստեղծուած պատերազմական իրադրութեան վերաբերեալ տարածեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը․
«16 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 1ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուժի ստորաբաժանումները յարձակման անցան Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանին ուղղութեամբ։ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 12 Մայիսէն սկսած ներթափանցած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։
«Այս յարձակումը ամէնէն լարուածը եղաւ 2020ի Արցախեան պատերազմէն ետք։ Այս յարձակումները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճան հաւատարիմ չէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան, եւ աշխոյժ կերպով ռազմական յարձակում կ՛իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։
«Կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան՝ օգտագործելու իրենց ունեցած բոլոր լծակները՝ Ատրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւններուն վրայ քաղաքական ճնշում գործադրելու՝ յարգել տալու հմար Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը»։