ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ սկսաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը նախագահական նստավայրին մէջ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի, Պելոռուսի վարչապետ Ռոման Կոլովչենքոյի, Ղազախստանի վարչապետ Ասքար Մամինի եւ Խըրխըզիստանի վարչապետ Աքիլպեք Ժապարովի:
Նիստին, բացման իր խօսքին մէջ Հայաստանի վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստ է այսուհետեւ եւս գործադրելու հնարաւոր բոլոր ջանքերը՝ համագործակցութեան գործիքակազմերու կատարելագործման եւ համարկման տարածքի արդիւնաւէտ գործունէութեան համար:
Վարչապետները եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Միխայիլ Մեասնիքովիչ քննարկեցին ԵԱՏՄի ծիրին մէջ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներու վերաբերող համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները:
Արծարծուեցան նաեւ զանազան ոլորտներու շուկաներուն մէջ նոր կարգաւորումներու ներդրման, մաքսային կանոնակարգերուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄի 2022ի պիւտճէին վերաբերող հարցեր: